2012-06-08 12:47:41

8 Տարուայ Բանտարկութեան Կը Դատապարտուին Երկու Թուրք Ուսանողներ ՝՝Ձրի Ուսում Կ՝ուզենք՝՝ Գրուած Ցուցապաստառի Մը Համար։


Երկու Թուրք ուսանողներ 8 տարուայ 5 ամսուայ եւ 20 օրուայ բանտարկութեան դատապարտուեցան Թուրքիոյ Յատուկ մէկ Ատեանի կողմէ, անոր համար որ ուսանողական բողոքի մը ընթացքին բռնած էին ՝՝ Ազատ ու Ձրի Ուսում կ՝ուզենք եւ Պիտի ունենանք՝՝ գրուած Ցուցապաստառ մը ։ Այս երկու երիտասարդները օրիորդ մը Պերնա Եըլմազ եւ երիտասարդ մը ֆէրհադ Թուզէր անունով (Ճարտարագիտութեան եւ Մարդաբանութեան մասնաճիւղերու ուսանողներ) այս յանձանքի պատճառաւ արդէն 18 ամիս անցուցին բանտին մէջ։
Յատուկ Ատեանի նախկին դատախազը Գասըմ Իլիմողլու հրահանգած էր որ ուսանողները ազատ արձակուին, պահանջելով միաժամանակ դատի արխիւիացումը։ Այլ դատախազ մը սակայն Ատէմ Էօզճան անունով դատավարական նոր գործընթացքի մը սկիզբ կուտար ամբաստանելով երկու ուսանողները՝՝ ահաբեկչական կազմակերպութեան պատկանելու՝՝ յանցանքով։
Երէկ Պրիւսքէլի մէջ Մարդկային Իրաւունքներու Միջազգային Դաշնակցութեան փոխ նախագահը Եուսուֆ Ալաթաս ըսաւ որ ՝՝ 2007էն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ կ՝արձանագրուի հիմնական իրաւունքներու սեղմում մը, յատկապէս այն ինչ որ կը հայի արտայայտութեան ազատութեան՝՝։
Միւս կողմէ ՝՝Թուրքիոյ բանտերուն մէջ սա պահուն կը գտնուին շուրջ 100 լրագրողներ՝՝ ըսաւ Իտալիոյ Մամուլի Ազգային Դաշնակցութեան նախագահը Ռոպէրթօ Նաթալէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.