Սփիւռքի երիտասարդներու Հայաստան ճանաչողական այցելութիւններու 2012 թուականի «Արի Տուն»
ծրագիրը կը վերսկսի՝ արդիականացած եւ բարելաւուած: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Սփիւռքի
Նախարարութիւնը։ Ծրագրին նպատակն է աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն ճանաչելի դարձնել
Հայաստան-Հայրենիքը, անոնց մէջ սերմանել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւն, ծանօթացնել
իր ժողովուրդի աւանդութիւնները ու սովորութիւնները, հայ ընտանիքը, հայ մարդու հոգեկերտուածքը,
աջակցելով Հայաստան-Սփիւռք բարոյահոգեբանական, կրթամշակութային մերձեցման: Ծրագիրը
պիտի մեկնարկէ Յունիս 10-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 1, որուն ընթացքին
սփիւռքահայ 13-20 տարեկան երիտասարդները՝ երկշաբաթեայ փուլերով՝ պիտի հիւրընկալուին հայաստանաբնակ
ընտանիքներէն ներս ու պիտի մասնակցին ճամբարային փուլին: Հիւրընկալող ընտանիքներու
ընտրութիւնը պիտի կատարուի Երեւան քաղաքի վարչական շրջաններու, ՀՀ մարզպետարաններու եւ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան միջոցով. երիտասարդները ընտանիքներուն մէջ պիտի հիւրընկալուին
անհատոյց: «Արի Տուն» ծրագրին ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կ’ապահովէ երիտասարդներու
դիմաւորումը եւ ճանապարհումը, կը կազմակերպէ այցելութիւններ թանգարաններ, շրջայցեր Հայաստանի
տեսարժան վայրերով: