2012-06-06 13:07:04

ֆրանսացի Յիսուսեան Հայր Ժագ Պերթիէ, Մատակասքարի Ա. Սուրբը։


19 դեկտեմբեր 2011-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը վաւերացուց 7 երանելիներու սրբադասումը, որոնց կարգին ֆրանսացի յիսուսեան հայր ժագ Պերթիէ, (1838-1896), առաքեալ եւ նահատակ Մատակասքարի մէջ։
ժագ Պերթիէ ծնած է 27 նոյեմբեր 1838ին, անդրանիկն է 7 եղբայրներու։ Իմաստասիրական ու աստուածաբանական ուսումը կը կատարէ Գանդալ դպրեվանքին մէջ։ Կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 21 մայիս 1864-ին։ 1880ին Մատակասքար կը փոխադրուի որպէս զինորական հոգեւոր հայր։ Ապա 1886-1891 կը տնօրինէ Ամբոզիդրա առաքելավայրը զարկ տալով դաստիարակութեան։ 1891էն սկսեալ կը հաստատուի Թանանարիւ, ուր քրիստոնէութիւնը կը քարոզէ շրջանի տասը գիւղերու մէջ։ 7 յունիս 1896ին Մենալամբայի մէջ կը ձերբակալուի խումբ մը քրիստոնեաներու հետ եւ անոր կ'արաջարկուի հրաժարիլ քրիստոնէական հաւատքէն, իր կեանքը փրկելու համար։ Մատակասքարի առաքեալը կը մերժէ հաւատուրաց ըլլալ եւ հրացանութեամբ կը սպաննուի։ Նշենք որ 21 տարիներու առաքելութեան ընթացքին ան երեք անգամ աքսորուեցաւ ֆրանսական հակակրօնական օրէնքին ու գաղթային պատերազմի պատճառաւ։ Իր ամբողջ կեանքը նուիրեց իր հօտին, խնդրելով անոնցմէ որ ապրին սրբութեամբ, Աստուծոյ օրէնքին համաձայն։ Հայր Ժագ Պերթիէ մեռաւ նահատակ։
Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետը Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովին ընթացքին երանելի հռչակեց 17 հոկտեմբեր 1965-ին։ 8 յունիսին անոր յիշատակը կը տօնուի Հարաւային ֆրանսային մէջ, իսկ 4 փետրուարին յիսուսեանններու միաբանութեան կողմէ
Մատակասքարի առաջին սուրբը իր կենսագրութեան մէջ կը գրէ. Աստուած գիտէ թէ որքանով սիրած եմ ծննդավայրս, եւ սակայն ինծի շնորհքը տուաւ աւելի սիրելու Մատակասկարի տակաւին անմշակ հողը, ուր Յիսուսը ճանչցուցի բնիկներուն։ Առաքելավայրը կը զարգանայ, թէեւ պտուղը տակաւին յուսալից է, սակայն ինչիս հոգ, կարեւորը լաւ սերմացան մը ըլլալ եւ Աստուծոյ կամքով ժամանակի ընթացքին սերմերը կը դառնան բոյս ու արտը կը ծաղկի։








All the contents on this site are copyrighted ©.