2012-06-06 12:56:07

Քաղցկեղի Դէմ Արդիւնաւէտ Պայքար Կը Տանի Հայ Բժշկուհին՝Տիկին Սիւզան Թոփալեան։


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղցկեղի մասնագէտներուն՝ վերջերս ներկայացուցած ուսումնասիրութիւններէն մէկը կատարուած է «Ճանս Հափքինզ»ի քաղցկեղի «Քիմըլ» կեդրոնի մասնագէտներէն տոքթ. Սիւզեն Թոփալեանի գլխաւորութեամբ:
Թոփալեանի գլխաւորած խմբակին մէջտեղ բերած «BMS-936558» անունով փորձառական դեղը, «Պրիսթըլ Մէյըր Սքիւպ» ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ՝ աւելի քան երկու տարիներու ընթացքին փորձուած է տարբեր տեսակի քաղցկեղներէ տառապող հիւանդներու վրայ եւ ի յայտ եկած է, որ ան որոշ պարագաներու ոչ միայն կասեցուցած է քաղցկեղին տարածումը, այլ՝ առնուազն երեք տեսակի քաղցկեղներու պարագային՝ մորթային, երիկամունքի եւ թոքերու, յատկանշական ձեւով կրցած է փոքրացնել քաղցկեղային ուռեցքները:

Դեղը գլխաւորաբար «կը քաջալերէ» մարդկային մարմինի բնական ախտամերժ ուժերը, որ աւելի աշխուժօրէն դէմ դնեն քաղցկեղին: Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները Բժշկուհի Տիկին Սիւզան Թոփալեանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.