2012-06-06 12:55:58

Սուրիոյ Կառավարութիւնը Թոյլատրած՝ Մարդասիրական Առաքելութիւններու Մուտքը Երկիր։


Սուրիոյ Իշխանութիւնները ստորագրած են համաձայնութիւն, որով թոյլ կու տան մարդասիրական գործակալութիւններու ներկայացուցիչներու մուտքը երկիր ։
Խօսքը մասնաւորապէս ՄԱԿ-ի 9 գործակալութիւններու եւ 7 միջազգային ոչ- կառավարական կազմակերպութիւններու աշխատակիցներուն մասին է:
Մարդասիրական առաքելութիւնը աշխատանքներ կ'իրականացնէ Սուրիոյ` կառավարական զօրքերու եւ ընդդիմադիր ուժերու բախումներէն ամենաշատ տուժած 4 շրջաններուն մէջ։ Առաջնահերթ մարդասիրական բեռներ կը հասցուին Հոմս, Իտլէպ, Տարաա,եւ Տէր Զօր:ՄԱԿ-ի գնահատումով Սուրիոյ մէջ մարդասիրական օգնութեան կարիքն ունին շուրջ 1 միլիոն անձեր :








All the contents on this site are copyrighted ©.