2012-06-06 13:06:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 6 յունիսի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Ընտանիքի Համաշխարահային 7րդ Հաւաքի առթիւ անցեալ 1 - 3 յունիս Միլանօ կատարած իր հովուական այցելութեան։ Անմոռանալի դէպք մը, որուն համար շնորհակալ եմ Աստուծոյ - ըսաւ ան - հաստատելով թէ <<Ընտանիքը մարդկութեան ապագան է. հոն է որ երիտասարդները կ'ըմբռնեն իրենց կեանքի իմաստ տուող արժէքները. կը ծնին ու կ՛աճին այս սիրոյ հասարակութեան մէջ զոր Աստուած ուզեց այր ու կնոջ համար՝՝։ Զանազան ցամաքամասերէ ժամանած զոյգերու եւ մանուկներու վկայութիւնները ունկնդրելով- ըսաւ Սրբազան Հայրը- անոնց յիշեցուցի որ ընտանիքի դժուարութիւնները յաղթահարելու համար պէտք է ժամանակ յատկացուի ընտանիքին որ աշխատանքի գերակայութեան սպառնալիքի տակ կ՛ապրի։ Կիրակին՝ որ Տիրոջ օրն է, պէտք է ազատ ըլլայ ընտանիքի ու Աստուծոյ համար։
Նորին Սրբութիւնը ապա դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Միլանոյի մէջ իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար ու ակնարկեց իրեն ի պատիւ Սքալա Թատերասրահին մէջ կազմակերպուած համերգին։ Ապա ան խօսեցաւ երիտասարդներուն ուղղած իր հրաւէրին մասին խանդավառութեամբ ընդունելու՝ Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները, որպէսզի աճին որպէս քրիտոնեաներ եւ իրենց Այո-ն ըսեն Յիսուսի Աւետարանին։
Նորին Սրբութիւնը ապա ըսաւ. Սիրելի բարեկամներ, այս անցած օրերու ընթացքին Աստուած յայտնուեցաւ ընտանիքին մէջ։ Թող եկեղեցական դասն ալ նմանելով ընտանիքի ու խորհրդածելով Սուրբ Երրորդութեան գեղեցկութեան վրայ, կարող ըլլայ աւետարանել ապրուած սէրը որ միակ ուժն է աշխարհը բարեփոխելու ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց աշխրահի զանազան երկիրներէն Հռոմ ժամանած ուխտաւորները. յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Սիրելի երիտասարդներ,ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը թող օրինակ ըլլայ ձեր եղբայրակիցներուն հետ յարաբերութիւններու։ Սիրելի հիւանդներ ձեր տանջանքներու մէջ երբէք միայնակ չէք այլ համայն եկեղեցին ձեզի համար աղօթող է ու դուք սիրելի նորապսակեալներ Աստուծոյ սիրոյ հաղորդակցութիւնը թող ըլլայ ձեր ընտանեկեան յարաբերութեան հիմը։

Նորին Սրբութիւնը ապա յայտարարեց թէ Յիսուսի Մարմոյ եւ Արեան տօնին առթիւ վաղը հինգշաբթի 7 յունիսի երեկոյեան՝ Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի անուան պազիլիքայի մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, ան հրաւիրեց բոլորը մասնակցելու Ս Զոհին ու նաեւ թափօրին՝ Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայէն դէպի Տիրամօր նուիրուած Աւագ տաճարը. նաեւ միասին արտայայտելու խոր հաւատքը Սուրբ Հաղորդութեան հանդէպ որ եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան համար թանկարժէք գանձ մըն է։

ՈՒնկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը օրհնեց <<խաղաղութեան ճրագը>> որ յառաջիկայ 9 յունիսին համար նախատեսուած՝ Մաչէրադա -Լորէթօ հետիոտն ուխտագնացութեան խորհրդանիշն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.