2012-06-06 12:55:47

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն
ՅՈՎՀԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ


Եօթներորդ դարու մեր պատմիչներէն է Յովհան Մամիկոնէից Եպիսկոպոսը, որ գրած է Տարօնայ Պատմութիւնը, տրուած ըլլալով որ բոլոր Տարօն գաւառը կը գտնուէր Մամիկոնեաններու իշխանութեան տակ։
Իր յիշատակարանին մէջ՝ կը խօսի Զենոբ Գլակի մասին (որ Տարօնի մէջ գտնուող Գլակայ վանքին ասորի առաջնորդը եղած է)։ Կը պատմէ թէ ինչպէս Զենոբէն ետք՝ ամէն առաջնորդ սոյն վանքին կ՛աւելցնէր ժամանակագրութիւնը այն պատմական դէպքերուն, պատերազմներուն, քաջութիւն-ներուն եւ բարեկարգութիւններուն որոնք տեղի ունեցած էին Տարօն Գաւառի մէջ, այդ շրջանին։
Յովհան, երբ կը սկսի իր շրջանի պատմութիւնը գրի առնելու, կ՛անդրադառնայ թէ ժամանակաշրջան մը կայ, (Խոսրովէն մինչեւ Տրդատ թագաւոր) ուր պարապութիւն կայ եւ չկայ ոչ մի յիշատակութիւն Մամի-կոնեան տան մասին։ Ասոր համար պրպտումներ կը կատարէ եւ ի վերջոյ կը գտնէ թէ Ուռհայի կողմերը Մարմառա անունով կրօնաւոր մը ժամա-նակին գրած է այդ նիւթին շուրջ, եւ այժմ այդ գրութիւնը կը գտնուի Իննակեան վանքին մէջ. Ուստի անմիջապէս հոն կը փութայ ամբող-ջացնելու համար իր պատմութիւնը։
Հեղինակը կ՛ըսէ թէ ինք գրած է 38 գլուխներ պարունակող պատմութեան գիրք մը, սակայն իրականութեան մէջ՝ անոնցմէ միայն ութը հասած են մեզի։
Ի՞նչ է նիւթը Յովհանի Պատմութեան։
Զենոբ ասորիէն կը սկսի՝ Գլակի վանքի ժամանկագրութիւնները ամփոփելով, մինչեւ Թոդիկ հայազգի վանահօր անուանումը սոյն վանքին որպէս հայ առաջնորդ։ Ապա կը պատմէ թէ ինչպէս երբ Փոկաս զօրավարը կը սպաննէ Բիւզանդիոնի Մօրիկ Հայկազն կայսրը, պարսից Խոսրով թագաւորը կը յարձակի Յոյներու վրայ, իբրեւ թէ վրէժը լուծելու իրեն բարեկամ Մօրիկ կայսեր. Հայերէն օգնութիւն կը խնդրէ եւ կը սպառնայ Տարօնը աւերել եթէ օգնութեան չփութան իրեն։ Մուշեղ Մամիկոնեան (Տարօնի ծեր իշխանը) կարեւորութին չի տար թագաւորի սպառնալիքներուն եւ կը ղրկէ իր որդին՝ Վահանը, պատերազմելու համար պարսից զօրքերուն դէմ։
Վահան, փոքրաթիւ զօրք մը ունենալով միայն, բազմաթիւ հնարքներ կը գործածէ հարուածելու եւ ցիրուցան ընելու համար պարսից 30,000 զինուորները, առաջնորդուած Միհրան զօրավարի կողմէ, որ քեռորդին էր պարսից արքային։ Իր այս ճարպիկութեան եւ հնարքներուն համար կը կոչուի Գայլ Վահան, ժողովուրդին կողմէ։
Թէեւ քիչ մը չափազանցուած են Գայլ Վահանի արկածախնդրութիւն-ներուն մանրամասնութիւնները, սակայն հաճելի է անոնց ընթերցումը մանաւանդ փոքրերու համար։
Յովհան ունի գրաւիչ ոճ մը, գունագեղ ու տպաւորիչ, ինչպէս նաեւ ժողովրդական լեզու մը։ Ինչ որ հետաքրքրական է, ան իրաւունք կուտայ եւ թոյլտուութիւն հետագայ ընթերցողներուն՝ աւելցնելու իրենց ժամանա-կակից դէպքերու նկարագրութիւնը իր պատմութեան վրայ։ Ասոր համար է որ կը հանդիպինք զանազան դէպքերու որ իր մահէն վերջ պատահած են եւ որոնց ականատես չի կրնար եղած ըլլալ Յովնան։
Առաջին տպագրութիւնը սոյն գրքին եղած է Կ.Պոլիս 1719-ին, ապա Վենետիկ 1832-ին. Լանկլուայի հրատարակութեան մէջ եւս լոյս կը տեսնէ ֆրանսերէն թարգմանու-թեամբ, 1869-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.