2012-06-05 13:11:44

Ոչ Եւս Է Հայազգի Մեծ Աստուածաբան, Միջ-եկեղեցական Շարժումի Մասնագէտ Եւ Հայ Դատի Քաջ Պաշտպանը՝ Վեր. Ահարոն Սափսըզեան ։


Արամ Ա Կաթողիկոսին Ցաւակցական գիրը այս առթիւ
Երկուշաբթի, 4 յունիսի առաւօտուն, Ժընեւի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը վեր. Ահարոն Սափսըզեանին: Հանգուցեալի ընտանիքին կողքին յուղարկաւորութեան ներկայ էին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը եւ պաշտօնէութիւնը, Զուիցերիոյ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ազգայիններ Զուիցերիոյ զանազան շրջաններէն:
Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս իր ցաւակցական գիրին մէջ, որուն ընթերցումը կատարեց կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յանձնախումբի փոխատենապետուհի Թենի Սիմոնեան, վեր. Ահարոն Սափսըզեանը ներկայացուց իբրեւ մեծ աստուածաբան, միջ-եկեղեցական շարժումի մասնագէտ եւ Հայ դատի քաջ պաշտպան:
Վեր. Սափսըզեանը ծնած է Հալէպի մէջ 1927 թուին Ցեղասպանութենէ վերապրած մարաշցի ծնողքէ եւ իր փոքր տարիքին ծնողքին հետ հաստատուած է Պրազիլի մէջ: Ան Պրազիլի մէջ հիմնած է Աստուածաբանական քոլեճներու միութիւնը. եղած է Լոնտոնի Աստուածաբանական ուսմանց հիմնադրամի Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի պատասխանատուն, ապա` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Աստուածաբանական ուսմանց բաժանմունքի տնօրէնը: Իր աստուածաբանական ու միջեկեղեցական աւելի քան 50 տարիներու վրայ տարածուած գործունէութեան առընթեր, վեր. Սափսըզեան հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման բերած է իր գործօն մասնակցութիւնը` հրատարակութիւններու եւ դասախօսութիւններու ճամբով թէ՛ Պրազիլի եւ թէ՛ Զուիցերիոյ մէջ: Ան մօտէն ճանչցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալները` Խորէն Ա., Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները:
Իբրեւ գնահատանք իր ծառայութեան, շուրջ երկու տարիներ առաջ Արամ Ա. կաթողիկոս զինք պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով:








All the contents on this site are copyrighted ©.