2012-06-05 13:03:35

Նիճերիոյ Քրիստոնեայ Թէ Մահմետական Կրօնապետերու Միջազգային Պատուիրակութեան Միացեալ Յայտարարութիւնը։


Միացեալ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի քարտուղարը վերապատուելի Օլավ ֆիքս եւ Յորդանանի Ղազի պըն Մուհամմատ իշխանը` նախագահը Ալ Պայթ իսլամական մտածողութեան արքայական հաստատութեան։ Միացեալ յայտարարութեան մէջ, միջազգային պատուիրակութիւնը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ, ի տես՝ տեղի ունեցող բռնութիւններուն եւ կ'ընդգծէ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը երկու համայնքներու միջեւ խաղաղութեան հաստատումին ու ընդհարումներու լուծումին։ Մենք խորապէս համոզուած ենք որ քրիստոնեայ թէ մահմետական կրօնները խաղաղութեան կը ձգտին, եւ երկու կրօնները կը քարոզեն Աստուածսիրութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը։ Պատուիրակութիւնը յոյս կը յայտնէ որ Նիճերիոյ մէջ բարեփոխութիւն մը տեղի ունենայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.