2012-06-05 13:18:46

Հարպոյեան Վարժարանի Ծնողաց Օժանդակ Յանձնախումբի Կազմակերպութեամբ ՜՜Մայրերու Օրուան՝՝ Հաւաքոյթ Զալքայի Մէջ։


Լիբանան- Զալքայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ Պետողլեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի Ծնողաց օժանդակ յանձնախումբի կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան հաւաքոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան վարժարանին ծնողներ, բարեկամուհիներ, մայրեր, մեծ մայրեր եւ հիւրեր:
Ձեռնարկին բացումը կատարելով յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Լիզա Հատտէճեան, ըսաւ որ «մայր ըլլալը յատուկ առաքելութիւն մըն է» եւ գեղեցիկ պատկերացում մը տալով ըսաւ, թէ «Աստուած չկարենալով ամէն տեղ ըլլալ, Ան ստեղծած է մայրերը»: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը պար երգ նուագ եւ ասմունք։ Այս առթիւ գաղութի հանրայայտ դերասան եւ կատակերգակ Փիեռ Շամմասեան, իրեն յատուկ հիւմըրով եւ կատակելու իր հմտութեամբ բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց եւ հաճելի պահեր տրամադրեց ներկաներուն։






















All the contents on this site are copyrighted ©.