2012-06-05 13:03:24

Ի Յիշատակ Գերապայծառ Լուիճի Փատովէզէ-ի, Ներկայացում՝՝ Գերապայծառ Լուիճի Փատովեզէ. Ճշմարտութիւնը Սիրոյ Մէջ՝՝ Հատորին։


Ի յիշատակ Գերապայծառ Լուիճի Փատովեզէ-ի, Հռոմի մէջ, Անթոնիանում-ի Քահանայապետական Համալսարանին մօտ տեղի ունեցաւ ՝՝Գերապայծառ Լուիճի Փատովեզէ. Ճշմարտութիւնը՝Սիրոյ մէջ. Քարոզներ ու Հովուական Գրութիւններ՝՝ հատորի ներկայացումը, որու յառաջաբանը գրի առած է Կարտինալ Անճէլօ Ըսքօլա Իտալիօ Միլանօ քաղաքի Արքեպիսկոպոսը։ Հատորի ներկայացման առթիւ խօսք առին ի շարս որոնց՝Հռոմի Անթոնիանում Քահանայապետական Համալսարանի Ռեկտորը Փրոֆ.Բրիամօ Էթզի, ապա Իտալիոյ Լոմպարտիա Մարզի Վեղարաւոր Կրօնաւորներու Մեծաւորը Հայր Ռաֆաէլէ Տէլլա Թորրէ,ու նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Թուրքիոյ Դեսպանը Փրոֆ.Գենան Կիւրսոյ եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։։

Միշտ այսօր երեկոյան ժամը 19.30ին տեղի կ՝ունենայ նաեւ Հռոմի Թիպէրինա փոքրիկ Կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Բարթողիմէոսի անուան Տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ մը, գլխաւորութեամբ Վեղարաւոր Կրտսեր Եղբայրներու Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւոր Հայր Մաուրօ Ժէօհրի-ի ։
Գերապայծառ Փատովեզէ Թուրքիոյ Եպիսակոպոսաց Համահաւաք Դասի Նախագահը յիշենք 3 Յունիս 2010-ին դաշիւնահարուեցաւ իր թուրք շարժավարի կողմէ Թուրքիոյ Իսքենտէրուն քաղաքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.