2012-06-04 12:41:28

Վատիկանի Զուիցերական Պահակագունդէն 20 հոգի Օգնութեան Կը Հասնին Իտալիոյ Էմիլիա Նահանգի Երկրաշարժի Աղէտեալներուն։


Նախաձեռնութիւն մը ամբողջովին կամաւորական ու ինքնաֆինասաւորուած։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Միլանօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, 1-3 յունիս, Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդէն 20 հոգի Հիւիսային Իտալիոյ Գարբի շրջանը գացին օգնութեան հասնելու այդ շրջանի երկրաշարժի աղէտեալներուն, յայտարարած է քահանայապետական պահակագունդի ենթահրամանատար գնդապետը Քրիստոֆ Կրաֆ մատնանշելով որ նախաձեռնութիւնը ամբողջովին կամաւորական ու ինքնաֆինանսաւորուած եղաւ։ Անոնք իրենց ժամանակը տրամադրեցին տեղւոյն թեմի առաջնորդին` գերապայծառ Գավինային, որ նախապէս կը պաշտօնավարէր Ս. Աթոռին մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.