2012-06-04 12:41:51

Ութերորդ Արտակարգ Աղօթք Բոլոր Եկեղեցիներու,Երուսաղէմի Մէջ


Վասն հաշտութեան, միութեան եւ խաղաղութեան։
Մի քանի տարիէ ի վեր, զանազան տօնական առիթներուն, Երուսաղէմի մէջ կը կազմակերպուի այս Արտակարգ աղօթքը, նախաձեռնութեամբ զուիցերուհի Օրիորդ Վերոնիք Նեպելի, տեղւոյն բոլոր եկեղեցապետերու, կամ անոնց ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ եւ միասնական աղօթքով, եկեղեցիներու միութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։
Այս տարուայ աղօթքը տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի հայ կաթողիկէ Տիրամայր Ցաւոց եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ 2 յունիսին, նախագահութեամբ՝ Երուսաղէմի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդին` Գերապայծառ Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Քէլէկեանի։
Այս թուականը՝ յունիսի երկուքը ընտրուած էր, որովհետեւ ճրագալոյցն էր Արեւելեան եկեղեցիներու Հոգեգալստեան տօնին։
Գերապայծառ Քէլէկեան՝ Երուսաղէմի հայ կաթողիկէ առաջնորդը, այս առթիւ՝ պարզապէս առաջարկած էր կատարել նոյն ծիսական օրուան երեկոյեան ժամերգութիւնը, որ կը սկսի աշխարհի չորս կողմերուն ուղղուած աւետարաններով, ապա կը կատարուի անդաստանը, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւնը։
Նախապէս Գերապայծառը աշխատանք տարած էր թարգմանելու բոլոր արարողութիւնը անգլերէնի եւ իտալերէնի, որպէսզի մատչելի ըլլար բոլոր ներկաներուն։ Արարողութիւնը սփռուեցաւ ուղղակի եթերով աշխարհի չորս կողմերը, շնորհիւ վեց քրիստոնեայ կայաններու, հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկաներուն, Եւրոպային եւ Միջին Արեւելքին։ Սոյն արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Առաքելական Նուիրակը՝ Արհի. Անթոնիօ Ֆրանքօ, լատին, յոյն կաթողիկէ եւ ասորի ուղղափառ եպիսկոպոսները, Հայ առաքելական եւ զանազան ուրիշ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Երեկոյեան ժամը վեցին, եկեղեցապետերը թափօրով մտան եկեղեցի, ուր հաւաքուած էին բազմածէս հաւատացեալներ բոլոր համայնքներէն, երգեհոնի Ուրախ լեր սուրբ Եկեղեցի հնչիւն ընկերակցութեամբ, զոր կը վարէր եկեղեցւոյ տասնեակ տարիներու երգեհոնահար` Պր. Վահէ Գալայճեան։
Գերապայծառ Քէլէկեան իր բացման խօսքին մէջ (անգլերէն լեզուով) յիշեցուց թէ 15 դարեր առաջ` 451 թուին, նոյն ամսուայ` Յունիս երկուքին, նոյն տօնին` Հոգեգալստեան նախօրեակին, Վարդանանք պատերազմեցան Աւարայրի մէջ, պաշտպանելու համար իրենց սրբազան հաւատքը. Ան մաղթեց որ այսօրուան աղօթքը օղակ մը եւս աւելցնէ եկեղեցիներու միութեան շղթային։
Հայր մերը հայերէն աղօթելէ ետք` կատարուեացաւ ընթերցումը չորս աւետարաններու.
Հայերէն, արաբերէն, Անգլերէն եւ ֆրանսերէն։ Առաքելական եկեղեցիէն` Հայր Գուսան կարդաց հայերէն աւետարանը, դէմքը ուղղած դէպի արեւելք. Յոյն կաթողիկէ առաջնորդ` Յովսէփ Արք. Զըրէյ, ընթերցեց արաբերէն լեզուով` շարունակութիւնը Յովհաննէսի նոյն աւետարանին, ապա` Սպիտակ Հայրերու Աբբահայրը` Հայր Թովմաս, անգլերէնով կարդաց աւետարանը եւ ի վերջոյ ֆրանչիսկեան Հայր Արմանտօ` իտալերէն լեզուով։ Ամէն աւետարանի վերջաւորութեան, կ՛երգցուէր Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի Նոյն եւ նման շարականէն տուն մը։ Երգչախումբը կը բաղկանար հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երգչախումբէն եւ ֆրանչիսկեան Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամներէն, որոնք կրցած էին մէկ շաբթուայ ընթացքին սորվիլ մեր տոհմիկ շարականները եւ զանոնք երգել հայերէն լեզուով, շնորհիւ Հայր Արմանտոյի ջանքերուն։
Ապա տեղի ունեցաւ Անդաստանը, որ զուտ հայկական արարողութիւն մըն է, զոր միասին վարեցին Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ կղերականները, առաջնորդելով միւս եկեղեցապետերը շրջանակին մէջ։ Բոլոր ներկաներու ձեռքերուն մէջ վառած մոմեր կը շողային. Անոնք եւս եկեղեցականներուն հետ դարձան չորս կողմերն աշխարհի։
Երեկոյեան ժամերգութիւնը կատարուեցաւ հայերէն լեզուով եւ երգուեցաւ Առաքելոյ աղաւնոյ Սուրբ Հոգւոյ շարականը։ Սիրոյ ողջոյնէն ետք իւրաքանչիւրը իր լեզուով աղօթեց Հայր Մերը որմէ ետք Առաքելական նուիրակը տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը ներկաներուն որմէ ետք ալ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.