2012-06-04 12:41:36

Աւելի Քան 3000 Հոգի Մասնակցած Են Փարիզի Համամիութենական Տօնախմբութեան ''Քրիստոսի Օրը'' Նշանաբանով։


ֆրանսայի քրիստոնեայ գլխաւոր դաւանանքներու մասնակցութեամբ եւ օգնութեամբ շաբաթ օրը 2 յունիսին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ ''Քրիստոսի օր'' նշանաբանով համամիութենական տօնախմբութիւնը։ Երիտասարդները յանուն Քրիստոսի ապրեցան եղբայրակցութեան ու հաղորդակցութեան հաճելի պահ մը։ Այդ խանդավառ մթնոլորտին մէջ իրարու յաջորդեցին դերասաններ, երգիչներ ու անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց հաւատքի վկայութիւնը տուին ու պատմեցին իրենց քրիստոնէական ապրումներուն մասին։ Կազմակերպիչներու գնահատումով քրիստոնէական այս տօնախմբութիւնը կը ցոլացնէ քրիստոնեաներու ուժականութիւնը ու անոնց իղձը հաւաքաբար արտայայտելու իրենց հաւատքն ու յոյսը։ Փարիզի 16րդ թաղամասի վարչական պատասխանատու՝ Գլոտ Կուասգէն հրաւիրեց կազմակերպիչները որ 2013-ի համար դարձեալ իր թաղամասին մէջ կազմակերպեն ''Քրիստոսի օրը''։
Յայտնենք որ ամէն տարի Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ կը կազմակերպուի ''Քրիաստոսի օրը'' եւ որուն կը մասնակցին տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.