2012-06-04 12:42:13

Այսօր Երեւան Կը Ժամանէ ԱՄՆ Պետական Քարտուղար Հիլըրի Քլինթըն ։ Քլինթըն Կովկասի մէջ Յունիս 4-7 (Հայաստան ,Վրաստան, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա) ։


Այսօր Երեւան կը ժամանէ ԱՄՆ պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթըն, որ իր շրջայցը սկսաւ Մայիս 31-ին, եւ որ պիտի շարունակուի մինչեւ Յունիս 7։ (Ան այցելեց ` Դանիա, Նորվեկիա, Շուէտ, այսօր Հայաստան, ապա՝Վրաստան, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա):
ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան հաղորդագրութեան համաձայն` Հայաստանի մէջ Քլինթըն կը հանդիպի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Կ’ակնկալուի, որ ԱՄՆ պետական քարտուղարը ՀՀ ղեկավարութեան հետ կը քննարկէ տարածաշրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան, տնտեսական զարգացման ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մասին հարցեր:
Յիշեցնենք, որ Հիլըրի Քլինթընի այցին ընդառաջ քաղաքագէտ Սերգէյ Շաքարեանց անցեալ շաբաթ ըսած էր, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթըն, հնարաւոր է, ի շարս այլ հարցերու, քննարկէ նաեւ «հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագրի աւարտին կամ վերսկսման առնչուող հարցեր:
Հայաստանէն ԱՄՆ պետական քարտուղարը կը մեկնի Վրաստան, իսկ Յունիս 6-ին` Ատրպէյճան, ուր հանդիպում կ'ունենայ այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Հիլըրի Քլինթընի շրջագայութեան վերջին հանգրուանը կը հանդիսանայ Թուրքիան, ուր Յունիս 7-ին ան կը մասնակցի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին նուիրուած համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ մէջ: ԱՄՆ պետական քարտուղարը այնտեղ պիտի հանդիպի թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ եւ պիտի քննարկէ՝ Սուրիոյ եւ Իրանի հայող խնդիրները:








All the contents on this site are copyrighted ©.