2012-06-03 12:16:02

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կ՛եզրափակէ Ընտանիքներու Համաշխարդային 7րդ Հաւաքը։
Յաջորդ Հարգրուանը 2015-ին ֆիլատէլֆիոյ մէջ։


Կիրակի 3 Յունիսի առաւօտեան ժամը 10ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Պրէսսոյի զբօսայգիի տարածքի վրայ գլխաւորեց բացօթեայ սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց եկեղեցւոյ` որպէս զանազան ազգերու հաւատացեալներու ժողով մը։ Եկեղեցին մէկ ու Տիեզերական է - ըսաւ Ան - հիմնուած Յիսուս Քրիստոսի կողմէ։
Ապա խորհրդածելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումներուն մասին, Սրբազան Հայրը ակնարկեց Մկրտութեան խորհուրդին <<որ անհատը կը դարձնէ եկեղեցւոյ անդամ>>։ Խօսեցաւ Ընտանիքի միութեան մասին։ Այր ու Կնոջ դերին մասին ու անոնց ամէն մէկուն հաւասար արժանապատութեան։ Ամուսնութեամբ մէկը միւսին չի նուիրեր մասնիկ մը այլ ամբողջական կեանք մը - հաստատեց Ան - եւ Սուրբ Պսակի խորհուրդին մէջ Յիսուսն է որ կը մասնկացի իր սիրով։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ ընտանիքի կարեւորութեան ու Ընտանիքի համաշխարհային օրուայ իմաստին մասին մինչ քարոզին վերջաւորութեան քաջալերանքի խօսք մը ուղղեց նաեւ անոնց որոնք թէեւ կը շարունակեն եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ ըլլալ, իրենց ընտանեկան կեանքէն ներս ապրեցան ձախորդ փորձառութիւն մը (բաժանում)։Հուսկ եզրափակելով խօսքը Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ <<Ընտանիք, աշխատանք եւ Տօն. Աստուծոյ այս երեք պարգեւները, գտնելու են ներդաշնակ հաւասարակշռութիւն մը աւելի մարդկային հասարակութիւն մը կերտելու համար։

Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին յայտարարեց թէ Ընտանիքներու Համաշխարհային Հաւաքի յաջորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 2015-ին Միացեալ Նահանգներու ֆիլատէլֆիոյ մէջ։









All the contents on this site are copyrighted ©.