2012-06-03 09:31:46

Պաքուի Մէջ Կը Զետեղուի Երջանկայիշատակ ՅՊԲ.ի Արձանը։


Պաքուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բակին մէջ, Յունիս 10-ին տեղի կ'ունենայ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը (կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները):
Պաքուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ղեկավար Վլատիմիր Ֆակէտեն յայտնած է, որ իտալացի վարպետներու աշխատանքը արդէն տեղափոխուած է Պաքու:
Բացման Արարողութեան մասնակցելու համար Պաքու կը ժամանէ Վատիկանեան Պատուիրակութիւն մը : Ներկայ կ’ըլլան նաեւ Ատրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ, եւ կրօնական գործիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.