2012-06-03 09:31:01

Նոր Երանելի Մը։ ֆրանսացի Տոմինիքեան Կրօնաւոր Մարի-Ժան Ժոզէֆ Լադասթ(1832-1869) ։


Այսօր Երանելիներու Կարգին մէջ դասուեցաւ (ֆրանսայի Պեսանսոն քաղաքը) ֆրանսացի Տոմինիքեան կրօնաւոր Մարի-Ժան Ժոզէֆ Լադասթ հիմնադիրը՝ Պէթանիայի Տոմինիքեան Մայրապետներու Միաբանութեան։ Երանացումի արարողութիւնը գլխաւորեց Սրբազան Քահանայապետի Ներկայացուցիչը Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը։ Պատարագի հոգեշահ քարոզը արտասանեց Հայր Պրունօ Քատօրէ սոյն Միաբանութեան Տեսուչը։

Նոր Երանելին, Հայր Լադասթ, երբ 1864ին իր մեծաւորի կողմէ հոգեւոր կրթութեան համար ղրկուեցաւ կիներու վերապահուած բանտ մը (Գատիլլաք) հոն առիթը ունեցաւ մօտէն ճանչնալու զանազան յանցանքներէ բռնաշխատութեան դատապարտուած բազմաթիւ կիներ ։Եւ հոն է որ ունեցաւ ներշնչումը հիմնելու կրօնական նոր ընտանիք մը նախկին բանտարկեալ կիներու համար։Այսպէս հիմնեց 1866ին ֆրեզն-ի մէջ ՝՝Պեթանիայի Սրբուհի Մարիամ Մագդաղենացիի Մայրապեները՝՝ Միաբանութիւնը որ պիտի կոչուէր Պեթանիայի Տոմինիքեան Կրօնաւորուհիները։ Անոնք յատկապէս ներկայ են ֆրանսայի,Զուիցերիոյ եւ Իտալիոյ մէջ։
Հայր Լադասթ վախճանեցաւ 1869ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.