2012-06-03 09:32:04

՜՜Մեսրոպեանի օրը՝՝ Ներկայ Եւ Նախկին Մեսրոպեանցիները Միացնող Օր։


Եօթներորդ տարին ըլլալով, կազմակերպութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Նախկին սաներու միութեան եւ գործակցութեամբը՝ վարժարանի տնօրէնութեան, Ծնողական յանձնախումբին ու Ս. Մեսրոպի սկաուտական խումբին, վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեսրոպեանի օր»ը, ներկայութեամբ՝ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, նախկին մեսրոպեանականներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Տօնախմբութիւնը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներով զոր կատարեց վարժարանին երգչախումբը։ Ապա բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Փաթիլ Մկրտիչեան, որ ներկայացուց ՜՜Մեսրոպեանի օրուան՝՝ կարեւորութիւնն ու նպատակը: Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեանի Նախկին սաներու միութեան ատենապետ տոքթ. Կոստան Եափուճեան։ Իսկ վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ յայտնեց, թէ «Մեսրոպեանի օր»ը վարժարանին համար կարեւոր առիթ մըն է, որուն ընթացքին բոլոր մեսրոպեանականները համախմբուելով կը յիշեն անցեալը եւ զօրավիգ կը կանգնին վարժարանի յառաջիկայ աշխատանքներուն:
Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբը, որ ներկայացուց քոնկֆուի ցուցադրութիւն, երկու պար, Յ. Թումանեանի «Կիկոսի մահը» թատերգութեան ներկայացումը: Այս առթիւ դաշտի մուտքին ցուցադրուած էին Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբի քանդակագործութեան ճիւղի 25 քանդակներն ու լուսանկարչական եւ գեղնկարչական խումբերու ստեղծագործութիւնները: Մարզամշակութային ակումբի ցուցադրութեան յաջորդեց «Ֆապրիանօ» հաստատութեան պարգեւած գեղանկարչութեան իւրայատուկ մրցանքը, որուն ընթացքին վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ եւ գեղանկարչութեան ուսուցիչ պրն. Վազգէն Մուղալեան բաժնեցին մրցանակները:
Ապա տեղի ունեցաւ կրկէսի զուարճալի ցուցադրութիւն, որմէ ետք վարժարանի բակին կողքին գտնուող դաշտին մէջ սկիզբ առաւ քերմէսն ու իւրայատուկ խաղերը: Այս մթնոլորտին վարժարանի ծնողական յանձնախումբը համադամ ուտելիքներ, կը սպասարկէր ներկաներուն:
Զուգահեռաբար շարունակուեցաւ դասարանային ներկայացումները, որոնց ընթացքին վարժարանի աշակերտները անհատական թէ խմբային երգերով, պարերով, ասմունքներով եւ թատերական ներկայացումներով ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.