2012-06-03 09:31:34

՜՜Արի Տուն՝՝ Ծրագիրով 36 Երկիրներէ 2700 Հայորդիներ Այցելած Են Հայաստան


Այս տարի 11 Յունիսին կայանալիք ՜՜Արի տուն՝՝ ծրագիրով 4 տարուան ընթացքին Հայաստան այցելած են աւելի քան 2700 հայ երիտասարդներ՝ աշխարհի 36 երկիրներէն։ Ծրագիրը կ՝իրականանայ 8 փուլով, որոնց ընթացքին նախատեսուած է այցելութիւնը սփիւռքէն 13-20 տարեկան 800 պատանիներու եւ երիտասարդներու. դիտել տուած է Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետը՝ Ատոմ Մխիթարեան: Ճամբարի մասնակցողները պիտի սորվին հայկական երգ, պար, հայրենագիտութիւն ու հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներ: Տեղի պիտի ունենան ՜՜Սպորտային խաղեր՝՝ եւ կազմակերպուին ՜՜արշաւներ՝՝ որպէսզի երեխաներու մօտ տպաւորուի հայրենիքը ու անոր հանդէպ սէրը։ Պատանիները պիտի հիւրընկալուին հայ ընտանիքներուն կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.