2012-06-02 12:13:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Միլանոյի Մէջ։ Երկրորդ Օր


Շաբաթ 2 Յունիս 2012 առաւօտեան Սրբազան Հայրը Միլանոյի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Միլանօ Թեմի կղերական դասի մասնակցութեամբ, գլխաւորեց ժամասացութեան արարողութիւնը։ Ներկաներուն ուղղած հայրական իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ի մէջ այլոց ըսաւ. Ժամասացութիւնը եկեղեցւոյ անունով արտասանուած աղօթք մըն է։ Կղերականը կանչուած է շրթունքներով, սրտով ու միտքով աղերս բարձրացնել առ Աստուած հաւատացեալներու անունով։ Եթէ Քրիստոս, իր Եկեղեցւոյ շինութիւնը ու պայծառութիւնը յանձնած է քահանային, քահանան իր կարգին կանչուած է վեհանձնութեամբ ու անվերապահութեամբ սիրել Տէրը ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը կը յիշեցնէ որ Քրիստոս կը մնայ միշտ սկզբունքը եւ աղբիւրը քահանայական կեանքի միութեան։ Քահանային պաշտօնն է առաջնորդել հաւատացեալները Քրիստոսի եւ աճեցնել եկեղեցական հաղորդութիւնը` աշխարհի փրկութեան համար։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց եկեղեցականները վստահութեամբ դիտել ապագան։

Իսկ Ժամը 11.15 անց Միլանոյի Սան Սիրօ <<Մէացցա>> կոչուած մարզադաշտի տարածքին վրայ, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ <<կնքուողներուն>> հետ ու ապա նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։ Երիտասարդներու ուղղած իր Խօսքին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը նախ ողջունեց ներկաները ու յատուկէն անդրադարձաւ <<դրոշմի>> խորհուրդի մասին ու սոյն խորհուրդի պատրաստութեան մասին մատնանշելով նաեւ մկրտութեան խորհուրդը որ մեծ պարգեւ մըն է որուն միջոցաւ անհատը մաս կը կազմէ Քրիտոնեայ ընտանիքին դառնալով եկեղեւոյ անդամ։ Դրոշմի խորհուրդը կը հաստատէ մկրտութեան խորհուրդը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - եւ ձեր վրայ Սուրբ Հոգին արատութեամբ կը զեղու ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը նշեց Սուրբ Հոգիոյ 7 շնորհքները որոնց միջոցաւ կնքուածի ու Յիսուսի միչեւ կապը կ՛ամրապնդուի։ Ան հրաւիրեց երիտասարդները ուրախութեամբ մասնակցելու Կիրակնօրեայ սուրբ Զոհին ինչպէս նաեւ ապաշխարութեան խորհուրդին։ Ձեր առօրեայ աղօթքը թող երբէք չի պակսի։ Սորվեցէք խօսիլ Տիրոջ հետ, Անոր վստահեցէք, Անոր հաղորդեցէք ձեր ուրախութիւններն ու մտահոգութիւնները եւ Իրմէ խնդրեցէք որ լուսաւորէ եւ առաջնորդէ ձեր ճանապարհորդութիւնը։
Սիրելի երիտասարդներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով - Ձգտեցէք բարձր Իտէալներու. Եղէք Սուրբ։ Ու ապա որպէս կեանքի տիպարներ նշեց կարգ մը երիտասարդ սուրբեր ինչպէս. Սրբուհի Մարիա Կորէթթի եւ Սուրբ Տոմէնիքօ Սավիոն։ Սրբութիւնը Քրիտոնեային բնական կեանքն է - ըսաւ Ան - եւ միայն քիչերու չէ վերապահուած։ Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը պահպանէ ու հաստատէ ձեր Յիսուսի ուղղած <<Այո>>ն։ Եղիցի։
Յետ միջօրէին ժամը 17ին Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Միլանոյի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ, հուսկ երեկոյեան ժամը 20.30-ին, Պրէսսոյի զբօսայգիին մէջ, բազմահազար ընտանիքներու մասնկացութեամբ Սրբազան Հայրը կը նախագահէ <<վկայութիւններու տօնը>> կոչուած ձեռնարկը։








All the contents on this site are copyrighted ©.