2012-06-02 12:36:45

«Ոսկէ Ծիրան» Միջազգային Շարժապատկերի 9րդ Փառատօն.


1 Յունիսին «Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի Միջազգային Շարժապատկերի փառատօնը մամլոյ ասուլիսիով մը ներկայացուց այս տարուան փառատօնի ժապաւէններու արտամրցութային ծրագիրները:
«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժապատկերի 9րդ փառատօնը պիտի պահէ արդէն աւանդութիւն դարձած «Երեւանեան փրեմիերաներ», «Յետահայեաց ցուցադրութիւններ» եւ «Յարգանքի տուրք» արտամրցութային ծրագիրները: Անցեալ տարուան նման, այս տարի եւս ԱՊՀ երկիրներու մարդասիրական համագործակցութեան միջ-պետական հիմնադրամի աջակցութեամբ տեղի պիտի ունենան ԱՊՀ երկիրներու շարժապատկերի ծրագիրները: Այս տարի ՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ Երեւանը Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք հռչակելուն առիթով փառատօնին ընթացքին նկատի առնուած է նոր ծրագիր մը՝ «Գիրք եւ Շարժապատկեր» խորագիրով:

Յատուկ կարեւորութեամբ պիտի նշուի նաեւ Անտրէ Թարկովսկիի 80ամեակը: Պիտի ներկայացուին նաեւ իր եւ իր գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պատրաստուած ժապաւէնները։ Պիտի ցուցադրուին Թարկովսկիի «Աւետարան ըստ Անտրէի» եւ «Սոլարիս» ժապաւէնները, ինչպէս նաեւ «Գլտոնն ու ջութակը» եւ «Այսօր ազատում չի լինի» շարժապատկերները: Ծրագիրը պիտի ներառէ նաեւ Բագրատ Յովհաննիսեանի «Հնձան» (գեղ. ղեկ.՝ Ա. Թարկովսկի), Արա Ահարոնեանի «Երազ» (բեմագրութեան հեղինակ՝ Թարկովսկի) եւ Արսէն Ազատեանի ու Նարինէ Մկրտչեանի՝ Թարկովսկիին նուիրուած «Անտրէ» ժապաւէնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.