2012-06-01 12:15:15

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Նոր Աւետարանացումը եւ Մորմոններուն հաւատոյ հանգանակը
(2)
Մորմոններուն սրբազան գիրքերէն մին կը կազմէ «Մեծագոյն գոհար» կոչուած գիրքը, որ կ՛ընդգրկէ Սմիթի յայտնութիւններէն հատուածներ, թարգմանութիւններ՝ Մովսէսի, Աբրահամի եւ Մատթէոսի աւետարանէն, ինչպէս նաեւ ինքնակենսագրական տեղեկութիւններ:
Ժոզէֆ Սմիթի գրուածքներուն մէջ ամէնէն թանկագինը կամ մեծաագոյն գոհարը կը կազմէ «Հաւատոյ Հանգանակը», զոր գրած է Սմիթը առանց որեւէ միջանկեալ օգնութեան:
Հանգանակը բաղկացած է 13 դրութիւններէն կամ յօթուածներէն: Ան նման է քրիստոնէական հանգանակներուն, կը խօսի քրիստոնէական բառերով, բայց ամենեւին քրիստոնէական չէ, որովհետեւ մորոմոնները չեն հաւատար ո՛չ Աթանասեան, եւ ո՛չ ալ Նիկիական հաւատոյ հանգանակին: Անոնք որպէս հիմք կ՛ընդունին Ժոզէֆ Սմիթի յայտարարութեան թէ երբ ինք կ՛աղօթէր իմաստութեան պարգեւի համար, Լոյս մը իջաւ իր վրայ, իր առջեւ յայտնուեցան լուսեղէն երկու կերպարանքներ, որոնց փառքն ու պայծառութիւնը արեւին կը գերազանցեն: Լուսեղէն կերպարանքներէն մին, միւսին նայելով եւ Սմիթին մատնանշելով ըսաւ. «Ասիկայ է իմ սիրեցեալ Որդին: Անոր մտիկ ըրէ՛»:
Իսկ ինչ որ կը վերաբերի Սմիթի «Հաւատոյ Հանգանակին», համառօտ կերպով կու տանք անոր վարդապետական բոլոր կէտերը:
1. Մենք Աստուծոյ կը հաւատանք, Յաւիտենական Հօր, անոր Որդդին՝ Յիսուս Քրիստոսին եւ Սուրբ Հոգիին:
«Վարդապետութիւն եւ Ուխտեր» գիրքին մէջ, Սմիթը կը գրէ. « Հայրը մարմին ունի եւ ոսկորներ, այնպէս կապուած իրար, ինչպէս մարդու մարմինը, նոյնը եւ Որդին է, բայց Սուրբ Հոգին միսէ եւ ոսկորներէ մարմին չունի, այլ հոգեւոր էութիւն է: Գալով Յիսուսի Քրիստոսի՝ Սմիթեան Յիսուս Քրիստոսը, իր նախագոյութեան ժամանակ, սատանայի հետ հարազատ եղբայրներ էին: Սկիզբը՝ սատանան իր «թեկնածութիւնը» կը դնէ մարդոց փրկիչ ըլլալու համար, բայց կը մերժուի, քանի որ ապստամբ էր, եւ փրկիչ ըլլալու պատիւը կ՛անցնի Յիսուսի Քրիստոսին՝ այսինքն եղբօրը:
2. Մենք կը հաւատանք, որ մարդիկ կը պատժուին իրենց իսկ գործած մեղքերուն, եւ ո՛չ թէ Ադամի մեղսագործութեան համար:
3. Մենք կը հաւատանք, որ Քրիստոսի քաւութեամբ ողջ մարդկութիւնը կարող է փրկուիլ՝ հնազանդելով Աւետարանի օրէնքներուն եւ պաշտամունքներուն կամ ծէսերուն:
4. Մենք կը հաւատանք, որ Աւետարանի հիմնական սկզբունքներն ու ծէսերն են. առաջին՝ հաւատք Տէր Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ, երկրորդ՝ ապաշխարութիւն, երրորդ՝ մկրտութիւն, իսկ չորրորդ՝ Սուրբ Հոգիի շնորհքի ընդունում (ձեռնադրութեամբ)
5. Մենք կը հաւատանք, որ մարդ պէտք է կանչուած ըլլայ Աստուծոյ կողմէ այն մարդոց մարգարէութեամբ եւ ձեռնադրութեամբ, որոնք իշխանութիւն ունին, որպէսզի Աւետարանը քարոզէ եւ անոր պաշտամունքները կատարէ:
6. Մենք կը հաւատանք նոյն կազմակերպութեան, որ գոյութիւն ունէր Նախնական Եկեղեցիին մէջ՝ իր առաքեալներով, մարգարէներով, հովիւներով, ուսուցիչներով, աւետարանիչներով եւ այլն:
7. Մենք կը հաւատանք լեզուներու պարգեւին, մարգարէութեան, յայտնութեան, տեսիլքներու, լեզուներու թարգմանութեան եւ այլ պարգեւներու:
8. Մենք կը հաւատանք Աստուածաշունչին Աստուծոյ Խօսքը ըլլալուն, որքանով ան ճիշդ թարգամանուած է: Մենք կը հաւատանք նաեւ, որ Մորմոնի գիրքը եւս Աստուծոյ խօսքն է:
9. Մենք կը հաւատանք այն ամէն բանին, զոր Աստուած յայտնած է, եւ կը հաւատանք որ Ան շատ բաներ ունի յայտնելիք Իր արքայութեան մասին:
10. Մենք կը հաւատանք Իսրայէլի տան հաւաքոյթին, անոր տասը ցեղերու վերականգումին, Սիոնի (Նոր Երուսաղէմի) կառուցման ամերիկեան աշխարհամասին մէջ, եւ որ Քրիստոս ինք կը թագաւորէ երկրի վրայ ու երկիրը նոր դառնալով կ՛ընդունի դրախտային փառքը:
11. Մենք կը պահանջենք մեր սեփական խղճի թելադրանքով Ամենակարող Աստուծոյ երկրպագելու մեր բացառիկ իրաւունքը:
12. Մենք կը հաւատանք օրէնքին հնազանդելուն, յարգելուն եւ պաշտպանելուն, թագաւորներուն, նախագահներուն, դատաւորներուն եւ իշխանաւորներուն հպատակելուն:
13. Մենք կը հաւատանք ազնիւ, ճշմարիտ, ողջախոհ, բարեսիրտ եւ առաքինի ըլլալուն, բալոր մարդոց բարիք ընելուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.