2012-06-01 12:15:24

Միլանոյի թեմը Արքեպիսկոպոսական թեմ է։


Արքեպիսկոպոսն է Կարտինալ Անճելօ Սքոլա եւ ունի օգնական եպիսկոպոսներ՝ գերապայծառք՝ Էրմինիօ Տէ Սգալցի, Մարիօ Տէրբինի, Գարլօ Ռոպէրթօ Մարիա Ռէտաէլլի եւ Լուիճի Սթուքքի։
Վաստակաւոր արքեպիսկոպոսներն են. Կարտինալ Գարլօ Մարիա Մարթինի եւ Կարտինալ Տիոնիճի Թէթթամանցին։

Թեմը ունի 4.208 մեթր քառակուսի տարածութիւն, բնակչութեան թիւը՝ 5.433.389 է։
1.104 ժողովրդապետութիւններու մէջ կը գործեն 2.009 թեմական քահանաներ եւ 836 կրօնաւորներ, եւ 119 մնայուն սարկաւագներ։
Ամպրոզիան Ծէս. ՜՜Սուրբ Ամպրոզիոսի հիմնական առաքելութիւնը Միլանոյի եկեղեցւոյ համար՝՝։
Միլանոյի եկեղեցւոյ հայրերու ձգած ժառանգներէն է նաեւ Ամպրոզեան ծիսակատարութիւնը. անիկա յատուկ արարողութիւն մըն է զոր Միլանոյի եկեղեցին կը կատարէ եւ որով կը վերակենդանացնէ ՜՜փրկագործութեան խորհուրդը՝՝։ Մասնայատկութիւնները՝ 1600 տարիներ ետք, Ս. Ամպրոզիոսէն մինչեւ այսօր, տակաւին հաւատարմօրէն պահպանուած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.