2012-05-31 12:15:38

Պէյրութի Մեսրոպեան Վարժարանի Մէջ Զոյգ Ձեռնարկներ։


Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան 94-ամեակին առիթով, երեքշաբթի, 29 մայիսի կէսօրին, նախաձեռնութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խմբակին, տեղի ունեցաւ վարժարանի 4-րդէն 6-րդ դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ ձեռնահետքերով եռագոյնի պատրաստութիւնը: Իւրաքանչիւր աշակերտ կտաւին վրայ իր դրոշմը զետեղելով խոստացաւ բարձր պահել Մայիս 28-ի պանծալի յաղթանակը եւ շարունակել ամբողջական հայրենիքի կերտման ուղին: Աշխատանքի աւարտին, ձեռնահետքերով եռագոյնը տեղադրուեցաւ վարժարանին մէջ:
Իսկ 30 մայիսի երեկոյեան, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսերէն թատերական ներկայացում: Նախաձեռնութեան գաղափարն ու պատրաստութիւնը կը պատկանէին վարժարանի ֆրանսերէնի ուսուցչուհի օրդ. Ռընէ Քատտումի, որ 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ բծախնդիր աշխատանքով պատրաստած էր ֆրանսական բարոյախօսական առածներու աշակերտական թատերական կատարումը: Հանդիսութեան ներկայ էին կրթական պատասխանատուներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ, որոնց աշակերտները
աւելի քան մէկ ժամուան ընթացքին, թատրոնով, երգերով, պարերով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ իրականացուցին ճշդուած նպատակը, որ է՝ վարժողական աշխատանք կատարել ֆրանսերէնի բանաւոր արտայայտութեան, բեմ բարձրանալով ձեռք ձգել բեմական փորձառութիւն եւ տարուած աշխատանքը ներկայացնել ծնողներուն եւ բարեկամներուն:
Աւարտին, խօսք առին ֆրանսերէնի ուսուցչուհի օրդ. Ռընէ Քատտում եւ տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստ որոնք գնահատեցին կատարուած աշխատանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.