2012-05-31 12:21:48

Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ընդգրկուած ՝ Գանատայի Մարդկային Իրաւանց եւ Ցեղասպանութեանց Թանգարանին Մէջ.


Մայիս 29-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով Մոնթրէալի Հայ կեդրոն այցելեցին Գանատայի մարդկային իրաւանց թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատու Անժելա Քասի եւ արխիւներու հետազօտութեանց բաժանմունքի վարիչ տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Պաշտօնական այս հանդիպման նպատակն էր գանատահայութեան համայնքային ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին մասին
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Տօնապետեան կատարեց հանդիպման բացումը եւ հրաւիրեց Անժելա Քասին որ տեղեկութիւններ փոխանցէ թանգարանին մասին: Անժելա Քասի յայտնեց, որ թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007-ին եւ պիտի աւարտին 2014-ին: 2007-ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան:
Անժելա Քասի յայտնեց նաեւ, թէ թանգարանը յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը մշակելու գործընթացին մէջ կը գտնուի, որուն նպատակն է Գանատայի վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու մէջ մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւնը ուսուցանել:
Թանգարանի երրորդ յարկի ազգերու ցեղասպանութեանց նուիրուած բաժանմունքին մասին բացատրութիւններ փոխանցեց տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Հրէական Ողջակիզումի բաժանմունքի Ռաֆայէլ Լեմքինի ձօնուած տաղաւարին մէջ, ցեղասպանութիւն յղացքի բացատրութեան ընդմէջէն, կը ծանօթացուի տարբեր ցեղասպանութիւններու մասին: Այստեղ կը ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը, յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սեպրենիցայի ջարդին մասին: Այս յարկի վերջին ենթաբաժինը կ՚անդրադառնայ ցեղասպանութեան ժխտումին եւ ուրացումին մասին եւ այդ երեւոյթը համաշխարհայնօրէն դատապարտելու անհրաժեշտութեան մասին:
Տոքթ. Քլինթ խօսքի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին, անցնող տարիներու համագործակցութեան համար, Զօրեան Հիմնարկին, Հայաստանի Ցեղասպանութեան Թանգարանին եւ Արմին Վեկնէրի Արխիւային Հաստատութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.