2012-05-31 12:20:33

Կարտինալ Սքոլայի Համար Ընտանիքը Կանչուած Է Դրական Վկայութիւն Տալու Ընկերութեան։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, յունիս մէկին, Միլանօ կը մեկնի գլխաւորելու՝ ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումը ։ Այս առթիւ թեմի առաջնորդը կարտինալ Սքոլա մամուլին հետ ունեցած ելոյթով հաստատեց որ Միլանոյի թեմի հաւատացեալները լաւ կը ճանչնան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ուսուսցումը եւ կը բաղձան իր ներկայութենէն քաղել մեծ բարիքներ։ Խօսելով ընտանիքի համաշխարհային օրուայ հանդիպումին մասին, կարտինալը դիտել տուաւ որ ամէնքը կ'ուզեն ընտանիք կազմել, ինչպէս ցոյց կու տան նաեւ միասեռական զոյգերը որոնք պահանջքը կը զգան ՜՜ընտանիք՝՝ ունենալու։ Հարցը կը գտնենք զոյգերու մէջ, անոնց պէտք է օգնենք որպէսզի անոնք կարողանան ընտանիք կազմել ու ճանչնան ընտանիքի գեղեցկութիւնը։ Աշխարհ կու գանք տարբեր սեռերով։ Մարմնին պտղաբերութիւնն է որ մեզ կը բանայ կեանքի ։ Այս է իրականութիւնը կեանքին։
՜՜Ի՞նչպէս կը բացատրուի բազմաթիւ զոյգերու ձախողութիւնը՝՝ հարցումին՝ կարտինալ Սքոլա կը մատնանշէ որ անիկա հետեւանք է հաւատացեալներու ու բարի կամք ունեցող մարդոց ընտանիքի դրական վկայութեան պակասէն։ Նոյնպէս ներկայ կեանքի յեղաշրջումը, որ յատկանշուած է յարաբերական տեսութենէն ու անհատապաշտութենէն։ Դրական վկայութիւնը կեդրոնական դեր ունի։ Նոյնպէս եւ քաղաքական մարդիկը կանչուած են ամէնէն առաջ կառավարելու եւ ոչ թէ ամէն բան մատակարարելու ու գործելու մեծամասնութեան կամքով։ Պէտք է արձանագրեն քաղաքացիական ընկերութեան մէջ պատահածները եւ քրիստոնեաները որպէս քաղաքացիներ պէտք են հանդիսանալ առաջարկող ոյժ մը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.