2012-05-30 13:13:40

Կործանարար Երկրաշարժ Իտալիոյ Մէջ։


Առաջին երկրաշարժէն 10 Օր Ետք Ուժգին Այլ Երկրաշար մը Դարցեալ Ցնցեց Իտալիոյ Էմիլիա-Ռոմանիա Մարզը ։ Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի Խոր Կսկիծը Ի տես ԵրկրաշարժիԿործանարար Հետեւանքներուն ։
16 մեռելաներ,բանուոր մը կորսուած,8 հազար տեղահանուած բնակչութիւն եւ աւելի քան 350 վիրաւորեալներ ,հետեւնաք այն զօրաւոր երկրաշարժին որ 10 օր ետք դարցեալ հարուածեց Իտալիոյ նոյն Էմիլիա-Ռոմանիա Մարզը։ Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուէր Մօտէնա քաղաքը։ Առաջին ցնցումը տեղի ունեցած է 5.8 ուժգնութեամբ։ Աւերուած տուներու,գործարաններու եւ եկեղեցիներու շարքին է նաեւ Իտալիոյ նշանաւոր ՝՝Փարմիճանօ՝՝ պանիրի գործարանը։
Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը շատ մօտէն կը հետեւի կացութեան ՝՝խոր կսկիծով՝՝ ինչպէս որ ճշդեց Վատիկանի Մամլոյ Հաղորդագրութեանց Գրասենեակի Տնօրէնը Հայր ֆետէրիքօ Լոմպարտի,որ միաժամանակ Ռատիօ Վատիկանի Ընդհանուր Տնօրէնն է։
Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասը մինչ այդ արդէն սահմանեց մէկ միլիոն Էուրօ-ի գումար մը որպէս առաջին օժանդակութիւն, կարենալ դիմագրաւելու համար այս նոր ստիպողական վիճակը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.