2012-05-30 13:13:53

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն.
ԿՈՄԻՏԱՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ


Կոմիտաս եպիսկոպոս էր Տարօնի երբ յաջորդեց Աբրահամ կաթողի-կոսին։ Անոր գլխաւոր գործերէն մին հանդիսացաւ նորոգութիւնը եւ կարգաւորումը Հռիփսիմեանց Կոյսերու վկայարաններուն։ Մինչ անոնց գերեզմանները դուրս կը հանէր հողին տակէն, երեւան եկաւ որ անոնք վաւերացուած էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Ս. Սահակ Պարթեւի կնիքներով։ Կոմիտաս չուզեց դպչիլ անոնց , ուստի միայն աւելցուց իր կնիքը անոնց վրայ։ Սրբուհիներու մարմինները ամփոփուեցան նորաշէն տապանաքարերու մէջ եւ գերեզմանները փակուեցան հանդիսաւորապէս։
Այս առթիւ, Կոմիտաս Կաթողիկոս շարադրեց զմայլելի շարական մը Հռիփսիմեանց կոյսերու վրայ, այբենական կարգով բաժնելով զանոնք, ուստի 36 տուներէ բաղկացած։ Շարականը կը սկսի ՝՝Անձինք Նուիրեալք՝՝ բառերով։ Այս շարականը շատ գեղեցիկ քնարերգական բանաստեղծութիւն մըն է, շարադրուած ի փառս ծագումով Հռովմայեցի այս կոյսերուն որոնց նահատակութիւնը հանդիսացաւ այն բարերար սերմը որ պատճառ դարձաւ Հայաստան աշխարհի՝ լուսաւորութեան եւ դարձին դէպի քրիստո-նէութիւն։
Անոնց պատմութեան գլխաւոր մասերը նկարագրուած են պարզ լեզուով, թէ ինչպէս հալածուեցան Դիոկղետիանոս կայսեր կողմէ եւ որոշեցին, իրենց մեծաւորուհիին՝ Գայանէ կոյսին հովանաւորութեան տակ, փախուստ տալ դէպի Հայաստան, ուր հալածանք գոյութիւն չունէր քրիստո-նէութեան հանդէպ, որով շատ մեծ թուով ալ քրիստոնեաներ չկային հոն։
Ապա կը դրուատէ Հռիփսիմէի հրեշտակային գեղեցկութիւնը որ կը խենթացնէ Տրդատ թագաւորը. Հեթանոսները կը զարմանան թէ ինչպէս կարելի է որ այսքան գեղեցիկ աղջիկ մը կարենայ փափաքիլ կոյս մնալ երբ աշխարհի բոլոր մեծամեծները պատրաստ են զինք ամենաբարձր պա-տիւներուն արժանացնելու։ Դիոկղետիանոս եւ Տրդատ իրարու կ՛իմացնեն անոր գեղեցկութիւնը եւ մինչ զայն իրարու կը խոստանան, ծածուկ հնարքներով կը ջանան զինք իրարմէ յափշտակել։
Կը սքանչանայ Հռիփսիմէի աստուածատուր զօրութեան մասին որով ան կը զգետնէ թագաւորը երբ կը փորձէր բռնի կերպով միանալ իրեն. Աշխարհիս աչքին զօրաւոր համարուած մարդոց զէնքերը կը թուլնան ու կը տկարանան, մինչ տկար կարծուած կին արարածը, լեցուած զօրութեամբն Աստուծոյ, գետին կը տապալէ հզօր թագաւորը։
Հեղինակը իր բանաստեղծութեան մէջ՝ կը շրջագայի կարծէք մերթ դէպի Աստուած, մերթ դէպի կոյսերը եւ հուսկ կը դառնայ դէպի աղօթող ժողովուրդը, որոնք այդ օրուան մէջ կը յիշատակեն կոյսերուն սքանչելի նահատակութիւնը. Թէ հոգեւոր եւ թէ ազգային շունչով լեցուն այս բանաստեղծութիւնն ու երգը կը հանդիսանան մեր հայ մատենագրութեան գոհարներէն մին, անկասկած։
Ուրիշ մի քանի երկասիրութիւններ ալ յիշուած են Կոմիտաս Կաթողիկոսի անունով. Ասոնց մէջ կան նամակներ ուղղուած Կ.Պոլսոյ պատրիարքին, ուր կու տայ իր հաւատոյ ուղղափառ դաւանութիւնը։ Կան նաեւ ՝՝Հարցմունք եւ Թուղթ վասն հաւատոյ՝՝ դաւանական գրութիւնները որոնք իրեն վերագրուած են, սակայն անոնք վստահաբար իրը չեն որով թէ ոճով եւ թէ լեզուզով եւ թէ մանաւանդ անճոռնի ու հակադարձական կերպով գրուած այս երկերը չեն պատշաճիր մեծ Կաթողիկոսին ոչ գրչին եւ ոչ ալ համգամանքին։
1843 թուին, իտալացի բանաստեղծ՝ Լուիճի Քարրէր իտալերէնի թարգմանած է ՝՝Անձինք Նուիրեալք՝՝ հմայիչ շարականը։








All the contents on this site are copyrighted ©.