2012-05-30 13:14:41

Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս Եպ. Գուսանի Հանդիպումը Ալ Ազհարի Կրօնապետ՝ Շէյխ Ահմէտ Էլ Թայէպի Հետ։


Եգիպտոս։ Երկուշաբթի 28 Մայիսին, Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդը՝ Արհի. Գրիգոր Օգոստինոս Եպ. Գուսան այցելութիւն կատարեց Ալ Ազհարի Կրօնապետ՝ Շէյխ Ահմէտ Էլ Թայէպին։ Հանդիպումին ընթացքին երկու կրօնապետերը շօշափեցին կարգ մը նիւթեր։
Խօսակցութեան նիւթ եղաւ Ալ Ազհարի վաւերաթուղթին ու եգիպտոսի նախագահական ընտրութիւններուն առնչուող հարցերը, ինչպէս նաեւ ներկայ իրավիճակը Եգիպտոսի ու Սուրբ Երկրին մէջ։
Այս առթիւ Արհի. Գուսան իր բաղձանքը յայտնեց որ երկու միաստուածեան կրօններու՝ Ս. Աթոռի ու Ալ Ազհարի միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւնները վերահաստատուին ու քրիստոնեայ իսլամ կրօններու միջեւ բարի յարաբերութիւնները վերստիկ ամրապնդուին։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շէյխ Ահմէտ Ալ Թայէպին՝ որ քրիստոնեաներուն մեծ Տօնին՝ Փրկչին Յարութեան տօնին առթիւ Սուրբ Պատարագին, իր ներկայացուցիչը՝ Տոքթ. Մահմուտ Ազապը ղրկած էր ներկայ ըլլալու ։ Գերապայծառ Գուսան նաեւ յանձնեց Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ նուէրը Ալ Ազհարի կրօնապետին, եւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ անունով հրաւիրեց զինք այցելելու Զմմառու պատմական վանքը- Լիբանան։
Իսկ իր կողմէ՝ կաթողիկէ հայոց առաջնորդը նուիրեց երկու հատորներ մին՝ ՜՜Հայոց պատմութիւնը՝՝ վերտառութեամբ, որուն հեղինակն է Ժորժ Պուրունեան, իսկ երկրորդը Յարութ Սասունեանի ՜՜Մեծ Եղեռնի՝՝ մասին հատորը։ Ահմէտ Ալ Թայէպի ուշադրութիւնը գրաւեց 1917-ին՝ Մէքքայի կրօնապետ՝ Ալ Հուսէյն Պէն Ալիի հրամանագիրը հայերու պաշտանութեան գծով։
Աւարտին երկու կրօնապետերը մաղթեցին որ միասնաբար գործեն ի խնդիր Եգիպտոսին բարգաւաճումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.