2012-05-29 12:34:38

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Մասնակցութիւնը Ընտանիքներու 7-րդ Համաշխարհային Հանդիպումին։
<<Ընտանիքը։ աշխատանքը եւ Տօնը>>


Յառաջիկայ 1 - 3 յունիս Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Միլանօ` մասնակցելու համար Ընտանիքներու 7-րդ Համաշխարհային Հանդիպումին որ տեղի կ՛ունենայ Միլանոյի Թեմին մէջ 30 մայիսէն - 3 յունիս։

Յունիս 1-ի՝ յետ միջօրէի ժամը 4ին, Հռոմի Չամբինօ օդակայանէն մեկնելով Նորին Սրբութեան իքնաթիռը կ՛ուղղուի դէպի Միլանոյի Լինադէ օդակայանը ուր կը ժամանէ ժամը 5ին եւ ուր զինք կը դիմաւորեն քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները։ ։

Միլանօ ժամանելէն անմիջապէս ետք՝ Սրբազան Հայրը կ՛ուղղուի Միլանոյի <> գլխաւոր հրապարակը, ուր հանդիպում կ՛ունենայ հաւատացեալներուն հետ ու անոնց կ՛ուղղէ իր հայրական խօսքը։

Երեկոյեան ժամը 19.30 անց Սրբազան Հայրը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միլանոյի աշխարհահռչակ Սքալա Թատերասրահին մէջ, իրեն ի պատիւ՝ ներկայացուած համերգին, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը Ճառ մը կ՛արտասանէ։

Շաբաթ 2 յունիսի՝ առաւօտեան ժամը 10ին, Միլանոյի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը նախագահէ ժամասացութեան արարողութեան որուն ընթացքին խորհրդածութիւն մը կը կատարէ։ Սոյն արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Միլանօ Թեմի կղերական դասը։ Աւարտին նախատեսուած է Սուրբ Կարոլոսի նուիրուած ջերմեռանդական աղօթք մը։

Միլանոյի Սան Սիրոյի <<Մէացցա>> կոչուած մարզադաշտի տարածքին վրայ, Սրբազան Հայրը ժամը 11.15 անց կը հանդիպի <<կնքուողներուն>> հետ ու ապա նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։

Ժամը 17ին Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ Միլանոյի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ, հուսկ երեկոյեան ժամը 20.30-ին, Պրէսսոյի զբօսայգիին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ ընտանիքներու հետ ու կը նախագահէ <<վկայութիւններու տօնը>> ձեռնարկին։

Կիրակի 3 յունիսի առաւօտեան ժամը 10ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Պրէսսոյի զբօսայգիի տարածքի վրայ կը գլխաւորէ բացօթեայ սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին կ՛արտասանէ Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։

Միլանոյի առաջնորդարանի մէջ, կարտինալներու եւ եպիսկոպոսներու հետ բաժնեկցելէ ետք եղբայրական ագապը, յետ միջօրէի ժամը 16.30-ին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ՛ունենայ <<Ընտանիք 2012 >> հիմնարկի անդամներուն ու հաւաքի կազմակերպչական մարմնի հետ, ու ապա ժամը 17.30-ին, հրաժեշտ առնելով Միլանոյէն կը վերադառնայ Հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.