2012-05-29 12:37:30

Մարդկային Իրաւունքներու Միջազգային Կազմակերպութեան 2012-ի Տարեկան Տեղեկագիրը։


Շահը աւելի կարեւոր է քան մարդկային իրաւունքը։
''Ցուցարարներու քաջութիւնը այս տարուան ընթացքին զուգահեռ կ'ընթանայ ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդի թերացումներու հետ։ ՄԱԿը հիւծած ու անկարող կը թուի ըլլալ, դիմագրաւելու ներկայ հարցերը'' յայտարարած է Մարդկային իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւնը, ներկայացնելով՝ 2012-ի տեղեկագիրը մարդու իրաւունքներու իրավիճակին մասին աշխարհին մէջ։
Տեղեկագիրը կը պարզէ 155 երկիրներու մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը, տարուայ մը մէջ, ուր՝ կազմակերպութիւնը կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 50-րդ տարեդարձը։ Միջազգային հասարակութիւնը ընդհանուր առումով վախի, երկդիմի ու կեղծ կեցուածք մը ունի։ Այս քաղաքականութիւնը բացայայտ է Միջին Արեւելքի ու հիւիսային Ափրիկէի մէջ, ուր որդեգրուած միջոցառումները փոփոխական են այս կամ այդ կառավարութեան նկատմամբ։ Հզօր պետութիւնները փոխանակ հարցերը լուծելու կ'աշխատին իրենց ազդեցութիւնը բանեցնել ու իրենց շահերը պաշտպանել։ ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդը, որ կ'ենթադրուի համաշխարհային խաղաղութեան պահակը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իր առաքելութեան մէջ անկարող կը թուի ըլլալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.