2012-05-29 13:21:01

ԵԽ Ղեկավարը Մարթին Շուլց Թուրքիոյ Ժողովրդավարութեան Ցած Մակարդակը Քննադատած՝ Անգարայի Մէջ .


Երկօրեայ այցով Թուրքիա գտնուող Եւրոխորհրդարանի ղեկավար Մարթին Շուլց հանդիպումներ ունեցած է ինչպէս թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, այնպէս ալ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Այցին ընթացքին ան խիստ քննադատութեան ենթարկած է Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան մակարդակը: Թուրքիոյ հիմնական ընդդիմադիր ուժերէն Ժողովրդա-հանրապետական (CHP) կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ հանդիպման ընթացքին Շուլց նկատած է, որ իշխանութեան գալու սկզբնական շրջանին վարչապետ Էրտողանի կուսակցութիւնը ժողովրդավարացման ուղղուած բարեփոխումներ կը ձեռնարկէր, սակայն այժմ գործընթացը սառեցուած է:
«Որեւէ հարթակի վրայ, երբ կը խօսիմ Թուրքիոյ մասին, բոլորը կը նշեն, որ ժողովրդավարութիւնը այստեղ վտանգուած է: Ատիկա ցաւալի է: ԵՄ-ին անդամակցիլ ձգտող որեւէ այլ երկիր, եթէ ձերբակալուած ութ պատգամաւորներ ունենար, Միութիւնը միակողմանի պիտի դադրեցնէր բանակցութիւնները, յարաբերութիւնները պիտի սառեցուէին»( ըսած է ան):

Թուրքիա այցին ընթացքինՄարթին Շուլց հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի, խորհրդարանի խօսնակ Ճեմիլ Չիչէքի, ԵՄ հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշի, ընդդիմադիրներ Քեմալ Քըլըչտարօղլու եւ Տէւլեթ Պահչելիի հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.