2012-05-29 13:20:34

Գերապայծառ Յովսէփ Քելեկեան Ս. Երկրի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդը Մասնակցեցաւ Սուրբ Քաղաքի Վերնատունը Տեղի Ունեցած Հոգեգալստեան Տօնի Սրբազան Արարողութեանց։


Երուսաղէմ- Կիրակի 27 Մայիս 2012։
Սուրբ Քաղաքի վերնատունը, ուր հաւաքուած էին առաքեալները Յիսուսի շուրջ, վերջին Ընթրիքին, որ նաեւ իրենց կը ծառայէր որպէս ապաստանարան եւ պատսպարան Համբարձումէն ետք եւ վերջապէս, հոն ուր Սուրբ Հոգին իջաւ իրենց վրայ կրակէ լեզուներու կերպարանքի տակ, այսօր կը գտնուի Հրէական իշխանութեան ներքեւ եւ որպէս թանգարան բաց է սովորական օրերուն։ Մանաւանդ անոր համար որ կը գտնուի ճիշդ մօտը Դաւիթ Մարգարէի եւ թագաւորի գերեզմանին։ Տարին մէկ անգամ միայն, յատուկ արտօնութեամբ մը կը տրամադրուի լատին Եկեղեցւոյ, Հոգեգալստեան օրը, որպէսզի հոն կրօնական արարողութիւն տեղի ունենայ։ Արդ այս առթիւ, կիրակի 27 մայիսին, երեկոյեան ժամը 4­ին, բերնէ բերան լեցուած Վերնատան մէջ` մուտք գործեց, շրջապատուած իր շքախումբով` Հայր Փիէր-Պաթթիսթա Բիցցապալլա, ֆրանչիսկեան միաբանութեան մեծաւորը Սուրբ Երկրի մէջ եւ քրիստոնէութեան եկեղեցիներուն ու բոլոր սրբավայրերուն պահակը, նաեւ Ս. Երկրի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ գերապայծառ Յովսէփ Թ. Ծ. վրդ Քելեկեան։ Ժողովուրդի մէջէն անցած պահուն` Աբբահայրը անուշահոտ բոյրով մը կ՛օծէր ներկաներուն ափերը։
Լատիներէն լեզուով եւ Կրէկորեան երգեցողութեամբ` կատարուեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւնը մեծ հանդիսութեամբ։ Բոլոր ներկաները, իրենց ձեռքը վառած մոմերով, կը յիշեցնէին կրակէ լեզուներու գալուստը առաքեալներու վրայ. Լիթանիաները կարդացուեցան զանազան լեզուներով, ի միջի այլոց նաեւ Եբրայերէնով։ Ապա` ամենայուզիչ պահն էր երբ Աբբահայրը հրաւիրեց բոլոր ներկաները, իւրաքանչիւրը իր լեզուով աղօթելու ՜՜Տէրունական աղօթքը՝՝. յուզիչ էր լսել այս առթիւ ՜՜Հայր Մերը՝՝ մեր մայրենիով ։
Վերնատունը բաղկացած է երեք սենեակներէ. Գետնայարկի կամարաւոր մեծ սրահը, ուր տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որմէ կարելի է վեր բարձրանալ, դէպի առաջին յարկը։ Հոս կան երկու սենեակներ, իրարու վրայ բացուող. Ըստ աւանդութեան, միջնասենեակին մէջն է որ տեղի ունեցաւ Վերջին Ընթրիքը, ինչպէս նաեւ Հոգւոյն Սրբոյ գալուստը։
Ներկաները ակամայ բաժնուեցան այս սրբավայրէն, որ այնքան լեցուն է մեր Փրկչին` Քրիստոսի սուրբ յիշատակներով. կը գրէ մեզի գերապայծառ Յովսէփ Քելեկեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.