2012-05-28 14:01:16

Նոր Հրատարակութիւններ Մեծ Եղեռնի Մասին։


Ներկայացում իտալացի գրող' Maria Immacolata Macioti-ի' Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմութեան եւ յիշատակութեան մէջ հատորին։
Հռոմի Մոնթէվէքքիօ ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ, 29 մայիսին տեղի պիտի ունենայ իտալացի գրող' Maria Immacolata Macioti-ի' Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմութեան եւ յիշատակութեան մէջ հատորին ներկայացումը։
Հատորին մէջ նշուած են ջարդերը որոնք կատարուած էին հայոց հանդէպ, մեկնելով՝ ֆրանց Վերֆէլի Մուսա լերան 40 օրերը յուշագրութենէն, մինչեւ՝ Անթոնիա Արսլանի երեք հատորները եղեռնի ու հայ ազգի պատմութեան մասին, նկատի առնելով նաեւ ամերիկացի հիւպատոս Մորկէնթաու-ի օրագրութիւնը՝ հայոց կրած անարդարութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ այլ յատկանշական վկայութիւններ։
Հանդիպումի ընթացքին, հատորին եւ հայոց Մեծ Եղեռնին պիտի անդրադառնան իտալացի եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ. ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ հեղինակը որ Հռոմի La Sapienza համալսարանի դասախօս է։








All the contents on this site are copyrighted ©.