2012-05-28 14:01:24

Մարեմեան Ամսոյն Փակումը Եգիպտոսի Եւ Հալէպի Մէջ։


Մայիս ամիսը նուիրուած է Տիրամօր եւ ամբողջ ամսոյն ընթացքին եկեղեցիներու մէջ կը կատարուին Ս Վարդարանի աղօթքներ ու պատարագ, հայցելու աստուածամօր բարեխօսութիւնը եւ միջնորդութիւնը շնորհքներ ընդունելու համար ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու անոր պարգեւած շնորհքներուն համար։ Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհի. Օգոստինոս Գրիգոր Գուսանի գլխաւորութեամբ՝ փակումը կատարուեցաւ Տիրամօր նուիրուած ամսոյն՝ հայածէս ձայնաւոր Ս պատարագով։ Գահիրէի Աւետման կոյսի նուիրուած հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, 30 մայիսի երեկոյեան, Սրբուհի Թերեզայի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ (Գահիրէ) 31 մայիսին, իսկ՝ Աղեքսանդրիոյ Անարատ Յղութեան Ս Կոյսին նուիրուած առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, մէկ Յունիսին։
Իսկ Հալէպի հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու մէջ, ՜՜Օգնութեանց Տիրամայր՝՝ անուան Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Սուլէյմանիէ հայաշատ թաղամասի՝ ՜՜Ս խաչ՝՝ եկեղեցւոյ եւ ՜՜ Ս. Փրկիչ-Սրբուհի Վառվառիա՝՝ եկեղեցիներու մէջ, Մէյտան շրջանի՝ ՜՜Ս. Երրորդութիւն- Զուարթնոց՝՝ եկեղեցւոյ ու ՜՜Աւետման՝՝ եկեղեցւոյ մէջ , 31 մայիսին փակումը կատարուեցաւ Մարեմեան ամսոյն ջերմեռանդական աղօթքներուն, Ս. Վարդարանի աղօթքով ու Ս. Պատարագով. ապա նաեւ սովորութիւն դարձած Տիրամօր Սրբանկարով թափօր կատարուեցաւ. հուսկ յատուկ աղօթքով ներկաներուն օրհնութիւն բաշխուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.