2012-05-28 14:01:03

Հռոմահայերու Տարեկան Դաշտագնացութիւնը Հ Հ Անկախութեան Տօնին Առթիւ։


Այս տարի եւս մեծ թիւով հայորդիներ մասնակցեցան Հ Հ Անկախութեան տօնակատարութեան տեղի ունեցած Լեւոնեան վարժարանի ամարանոցը, որ կը գտնուի Poggio Catino գիւղին մէջ (Rieti)։
Դաշտագնացութիւնը սկիզբ առաւ Հայածէս Ձայնաւոր Ս. Պատարագով՝ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին (որուն ներկայութիւնը այդ օրը մեծ ուրախութիւն պատճառեց բոլորին)։
Ս. Զոհը մատոյց գերյարգելի Հ Գէորգ Ծ վրդ. Նորատունկեան, ներկայ էին Լեւոնեան վարժարանի նախքին մեծաւորներէն՝ այժմ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի առաջնորդ՝ արհի. Միքայէլ եպ. Մուրատեան, Վենետիկի Ca' Foscari համալսարանի դասախօս՝ գերյ. Լեւոն Պօղոս Ծ. վրդ. Զէքիան, Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան ընդհանուր Մատակարարը՝ Հ. Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան, ու այլ վարդապետներ. նաեւ՝ Հ Հ դեսպանութեան ներկայացուցիչ՝ Տոքթ. Պարիս Սահակեան եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներ ու Հռոմահայեր (մեծ թիւով) նաեւ Իտալացի բարեկամներ...
Իր արտասանած քարոզին մէջ պատարագիչ վարդապեը խօսեցաւ օրուան տօնին՝ Հոգեգալուստի տօնին նշանակութեան ու խորհուրդին մասին, որ հիմնական էր քրիստոնեայ հասարակութեան կազմաւորումին սկիզբը ..... Հայր Գէորգ նաեւ յիշեց կարեւոր տօնը հայոց համար որ է՝ Հ Հ անկախութեան աւելի ճիշտ Ա. Հանրապետութեան 94 ամեակը, որ ամէն տարի հայերը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, կը յիշատակեն 28 մայիսին մեծ շուքով։ Ան ողջունեց Հ Հ դեսպանատան ներկայացուցիչները մաղթելով բարգաւաճում հայ ազգի ու հայրենիքին։
Պատարագի աւարտին Իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ խօսելէ ետք՝ Ս Հոգւոյն մասին որ իջաւ առաքեալներու վրայ վերնատան մէջ, զանոնք զօրացնելով՝ որպէսզի անոնք կարենային աւետարանել ժողովուրդները, ըսաւ թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը առաքեալ մըն է Քրիստոսի , որ պէտք է իր շրջապատին մէջ գործէ հոգիները առաջնորդելու համար դէպի Տէրը դէպի փրկութիւնը, խօսեցաւ ընտանիքի դերին մասին ու յատկապէս ծնողներուն պարտականութեան, քանի որ անոնք պէտք է որ քրիստոնէական բարոյականի հիմը դնեն զաւակներուն սրտին մէջ, խօսեցաւ աղօթքի ու Ս. Գրքի ընթերցումի անհրաժեշտութեան մասին. նաեւ շեշտը դրաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ 2012-ը Հաւատքի տարի հռչակումին ու ՜՜Նոր Աւետարանութեան՝՝ մասին։
Ապա ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ բոլոր ներկաները (մեծ ու փոքր) ճաշակեցին հայկական համադամներ ու ճաշեր, որմէ ետք ալ լսելի եղան հայկական ժողովրդական երգեր, որոնց ընկերացաւ շուրջպար եւ վիճակահանութիւն. որ տեւեց մինչեւ ուշ երեկոյեան։ Ամէնքը շնորհակալութիւն յայտնեցին Լեւոնեան վարժարանի մեծաւորին որ քաջալերեց որպէսզի վերսկսէր ՜՜Տարեկան դաշտագնացութեան սովորութիւնը ՝՝ (քանի որ մի քանի տարիէ ի վեր տեղի չէր ունենար) եւ վարժարանի տնօրէնութիւնը ինք՝ հրաւիրեց բոլորը այս հաւաքին։ Շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի անդամներուն իրենց գործօն մասնակցութեան՝ դաշտագնացութիւնը յաջող անցնելուն համար։ Այս առթիւ նաեւ ներկաները յատուկէն շնորհաւորեցին Փրօֆ. Հայր Լեւոն վրդ. Զէքիանը որուն քահանայ ձեռնադրութեան 45-ամեակն էր այդ օրը, մաղթելով անոր յարատեւութիւն իր առաքելութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.