2012-05-28 12:37:07

Երուսաղէմի մէջ Հանդիպում Եկեղեցիներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ`
Կարդինալ Քիւրդ Քոխի հետ։


Չորեքշաբթի օր` Մայիս 23-ին, երեկոյեան ժամը 6,30­ին, Երուսաղէմի Նօթրը­Տամ շքեղ պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիպումը ընդմէջ Հռոմէն ժամանած` Վսեմաշուք Կարդինալ Քիւրդ Քոխի, որ Եկեղեցիներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահն է, եւ Երուսաղեմի համայնքապետերու։
Առաքելական Նուիրակը` Արհիապատիւ Անթօնիօ Ֆրանքօ, ներկայացուց բոլոր եկեղեցապետերը Ծիրանաւորին, որ բազմազան լեզուներով, ամէնուն ալ իր սիրալիր ողջոյնն ուղղեց։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ եւ տեղ գրաւեց Յոյն եւ Լատին երկու Պատրիարքներուն միջեւ։
Նախ խօսք առաւ Յունաց Պատրիարքը` Թէոֆիլոս երրորդ, որ բոլոր համայնքներու կողմէ բարի գալուստ մաղթեց Կարդինալին, ներկայացնելով Երուսաղէմը որպէս պատրաստ դաշտ մը համամիութենական համագործակցութեան. Ապա Լատիններու Պատրիարքը, Ֆուատ Թուալ, նշեց թէ որքան մեծ ուրախութիւն է բոլորիս համար ընկալել Սրբազան Պապի կողմէ ուղարկուած այս շատ սիրելի անձնաւորութիւնը որուն հետ արդէն գործակցելու առիթներ ունեցած է ու գնահատած անոր գործելակերպն ու գաղափարները այս ուղղութեամբ. Ան աւելցուց թէ Երուսաղէմի բոլոր եկեղեցապետերը կողմնակից են լուծումներ գտնելու եւ ոչ թէ յաւելեալ դժուարութիւններ յարուցանելու։
Պաղեստինցի քրիստոնեաներու կողմէ խօսնակ մը պարզեց բոլոր դժուարութիւնները որոնց կը հանդիպին երկրի արաբ քրիստոնեայ բնակիչները մանաւանդ շրջագայութեան վերաբերեալ, իրենց իսկ բնակած երկրին մէջ։ յաճախ բոլոր ընտանիքին մէջէն միայն մէկ հոգուոյ արտօնագիր կը տրուի շրյագայելու եւ Երուսաղէմ մտնելու։ Իսկ միւսները իրենց շրջանէն դուրս չեն կրնար ելլել։
Կարդինալը իր պատասխանին մէջ` ընդգծեց Սրբազան Պապի տուած առաջնահերթ կարեւորութիւնը Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր ջանքերը որոնք ի գործ կը դրուին հարթելու համար զանազան դժուարութիւնները տեղական իշխանութեանց հետ։
Ապա` Առաքելական Նուիրակը հրաւիրեց բոլոր ներկաները դէպի պանդոկի բացօդեայ մեծ պատշգամը (Terrasse), ուր բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան ըմպելիներով եւ զանազան համեղաճաշակ պատառիկներով։ Նոյն ատեն կարգաւ ամէնքն ալ հանդիպեցան ու խօսակցեցան Կարդինալին հետ։ Հայ Կաթողիիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդը` Գերապայծառ Յովսէփ Ծ.Վ. Քէլէկեան, Վսեմաշուք Ծիրանաւորին ներկայացուց համայնքի ներկայացուցիչ չորս ընտանիքներ, որոնք հրաւիրուած էին սոյն հանդիպման։
Միեւնոյն ատեն բոլոր ներկաները առիթն ունեցան վայելելու հրապուրիչ տեսարանը որ կը ներկայացնէր Երուսաղէմ քաղաքը երեկոյեան այդ ժամուն, դիտուած Նոթրը­Տամի հոյակապ բարձունքէն։
Երեկոյեան ժամերուն` ներկաները, հոգեթով այս հանդիպումի հրապոյրով ողողուած` վերադարձան իրենց բնակարանները։








All the contents on this site are copyrighted ©.