2012-05-26 13:06:43

Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Բարեսիրական Մարմնի Նոր Տնօրէնի Նշանակում։


''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' կաթողիկէ բարեսիրական մարմնի հիմնադիր հայր Վան Սդրատինի մահէն ետք, հիմնարկութիւնը դարձաւ քահանայապետական իրաւասու հաստատութիւն մը։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը կարտինալ Մաուրօ Բիաչենցան` կղերի ժողովի կառավարիչը, նշանակած է որպէս վերոյշեալ հիմնարկութեան նախագահ իսկ Եոհաննէս Հիրմանը նշանակուած է որպէս անոր գործադիր տնօրէն։
Հիմնարկութեան միջազգային աթոռը կը մնայ Գերմանիոյ Քընիկշթայն քաղաքին մէջ։ Անոր նպատակը կը մնայ ամփոփոխ` նիւթապէս եւ հոգեւորապէս օգնութեան հասնիլ, աշխարհի մէջ հալածուած եկեղեցւոյ` նեցուկ կենալով անոր միսիոնարական ու բարեսիրական ծրագիրներուն ինչպէս նաեւ նեզուկ կանգնիլ կարօտեալ կղերին ու հաւատացեալներուն։
''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' մարմինը տարեկան իր նպաստը կը բերէ 130 երկիրներու մէջ իրագործուած 5.000 ծրագիրներու։ Ներկայիս անոր սատարը կեդրոնացուած է Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, մասնաւորապէս այն վայրերուն մէջ ուր հաւատացեալները կարող չեն հրապարակաւ ապրիլ իրենց հաւատքը։ Նշենք որ ''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' 2010-ին տարեհաշիւը հասած է շուրջ 85 միլիոն եւրոյի։








All the contents on this site are copyrighted ©.