2012-05-26 13:06:22

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Շաբաթ 26 մայիսի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագի արարողութիւն զոր գլխաւորեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ եւ Ճէնովայի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոն <<Նորոգում Սուրբ Հոգիով>> եկեղեցական հաստատութեան հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձի առթիւ ու սոյն հաստատութեան 30 հազար անդամներու մասնակցութեամբ։
Սուրբ Պատարագի արարողութենէն առաջ տեղի ունեցաւ հասարակաց աղօթքի պահեր, հոգեւոր երգերով եւ կեանքի վկայութիւններու մէջբերումներով։
Սուրբ Զոհի աւարտին այս կարեւոր յոբելեանի առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը` Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, յատուկ ունկնդրութիւնը շնորհեց ներկաներուն։ Սրբազան Հօր շնորհակալական խօսք արտասանեց <<Նորոգում Սուրբ Հոգիով>> կազմակերպութեան ազգային նախագահ Տիար Սալվաթորէ Մարթինէց։








All the contents on this site are copyrighted ©.