2012-05-26 13:08:09

Նոր Երանուհի Մը։ Մայր Սէն-Լուի Տը ԼԱՄՈՒԱՆԻՈՆ (1763-1825) ։


Այսօր 27 Մայիս,Երանելիներու Կարգին մէջ դասուեցաւ ֆրանսացի Մայրապետ մը Մայր Սէն Լուի Տը Լամուանիոն։ Երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ֆրանսայի Պրէթայն Մարզի՝ Վանն քաղաքը,Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյի Գլխաւորութեամբ։

Աւազանի անունով Մարի Լուիս Էլիզապէթ ծնած էր Փարիզ 3 Հոկտեմբեր 1763ին ազնուական , հարուստ եւ ջերմեռանդ կաթողիկէ ընտանիքի մը մէջ։ Շատ երիտասարդ հասակին,ըստ ժամանակուայ սովորութեան զինք կ՝ամուսնացնեն իր Կոմս եղող զարմիկին հետ ։ Անոնք կ՝ունենան հինգ զաւակներ։ Բայց ամուսինը ֆրանսական Յեղափոխութեան ընթացքին կը գլխատուի ։ Քրիստոնէական հաւատքով ան կը ներէ սմուսինը հալածողները,եւ կարգաւորելով իր հինգ զաւակները, ֆրանսայի Պրէթայն Մարզի Վանն քաղաքին մէջ կը հիմնէ Գթութեան ու Դաստիարակութեան Հիմնարկ մը, Թեմի թողլքուած երիտասարդ օրիորդներուն համար։ Ապա սոյն հաստատութեան տեսչութեան ու զարգացումին համար կը հիմնէ ՝ Գթութեան Մայրապեները,Սէն-Լուիի Դուստրերու Միաբանութիւնը ։

Նոր Երանուհին կը գործածէր Աւետարանական գթածութեան լեզուն,որը կը հրաւիրէ անօթիները որպէսզի ուտեն,ծարաւիները որպէսզի ջուր խմեն,ապա օգնել ու ծառայել աղաքատներուն, ուսուցանել անուսները եւ դաստիարակել փոքրերը առաքինութեանց ուղիով։
Մայր Սէն Լուի կը վախճանի 4 մարտ 1825ին,իր կուրծքի խաչը սրտին վրայ սեղմած դիրքի մէջ,խաչը որմէ երբէք չէր բաժնուէր ։
Ան թաղուած է Վանն քաղաքի Միաբանութեան Մատրան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.