2012-05-26 13:49:42

Երիտասարդական Քայլարշաւ դէպի Զմմառու Վանք. ՜՜Քալեցէք Մի Վախնաք՝՝ Բնաբանով։


՜՜Քալեցէք Մի Վախնաք՝՝ ։
Կազմակերպութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական թեմի երիտասարդական խորհուրդին, շաբաթ 26 մայիսին տեղի ունեցաւ Երիտասարդական Քայլարշաւ- ուխտագնացութիւնը։
Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան հաւաքուած երիտասարդները ժամը 21-ին փոխադրամիջոցներով ուղղուեցան դէպի Ճիւնիէ, ուրկէ՝ սկիզբ առաւ քայլարշաւը դէպի Զմմառ, եւ ուր կիրակի օրը առաւօտեան ժամը 10.30-ին անոնք (երիտասարդները) մասնակցեցան ՜՜Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագին՝՝ ։
Քալեցէք մի վախնաք բնաբանով ուխտագնացութեան աղօթքին մէջ, երիտասարդ ուխտաւորները կը խնդրեն Յիսուսէն որ օգնէ իրենց ընթանալու՝ ուղիղ ճամբէն. քալելու' լոյսի ու ճշմարտութեան ուղիէն, առանց վախի... հասնելու համար Անոր բարեկամութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.