2012-05-25 11:46:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 25 մայիս 2012։ Առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Չէխ հանրապետութեան վարչապետ Տիար Բէթր Նըչաս ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը զոր Սրբազան Քահանայապետի ունկնդրութեան աւարտին հանդիպում ունեցան նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի հետ։
Ժամը 11.30 անց Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Նուիրեալ Անձերու եւ Առաքելական կեանքի Հասարակութիւններու ի նպաստ Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Ժաօ Պրազ Տէ Ավիզի ու սոյն Ժողովի քարտուղար` գերապայծառ Ժոզէֆ Ոիիլլիամ Թոպէնի։ Հուսկ յետ միջօրէի ժամը 18ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան հայրը ընդունեց եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Մարք Ուելլէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.