2012-05-25 12:00:27

Հռոմի մէջ Սկիզբ Կ՛առնէ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերու Յոբելենական Տարին։


Սլավ Ազգի առաքեալներ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերու տօնին առթիւ, Չէխ հանրապետութեան եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ` Փրակի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Տոմինիք Տուքա եւ Օլոմուքի արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Ժան Կրօպներ, 25 եւ 26 մայիսին, Հռոմի Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի եւ Սուրբ Կղեմէս անուան պազիլիքայի մէջ մատուցած Սուրբ Արարողութիւններով սկիզբ կու տան Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերու Յոբելենական տարւոյն։
Արդարեւ վերոյիշեալ պազիլիքաներու առաջինին մէջն է որ վաւերացուած էր երկու եղբայրներու Սլավ լեզուով ներկայացուած Ծէսը իսկ երկրորդին մէջ (այսինքն Սուրբ Կղեմես Պազիլիքայի մէջ) կը գտնուի Սուրբ Կիւրեղի դամբանը։
Յայտնենք որ 2013ին պիտի նշուի, Սուրբ Կիւրեղ Եւ Մեթոտիոս եղբայրներու ՜՜Մեծ Մորավիայի՝՝ թագաւորութիւն մուտքին 1.150րդ տարեդարձը, որուն առթիւ յառաջիկայ 2013 տարւոյն սկիզբը, հռոմի մէջ, կազմակերպուած է միջազգային Համաժողով մը Քահանայապետական Արեւելեան Իսնտիտուտի եւ Հռոմի Յիսուսեաններու Գրիգորեան Համալսարանի նախաձեռնութեամբ ։
Ընթացիկ տարւոյն 25 եւ 26 մայիսի յայտագիրը` բացի հոգեւոր արարողութիւններէն կը նախատեսէ նաեւ համերգ մը։ Սոյն ձեռնարկներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Չէխ հանրապետութեան պատուիրակութիւն մը գլախաւորուած Չէխ հանրապետութեան վարչապետ Տիար Բէթր Նըչասի եւ Եւրոպայի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու Խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Բիթէր Էրտոյի կողմէ։ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերու յոբելենական տարւոյն եզրափակիչ արարողութիւնը նախատեսուսծ է 2013ին Վելեհրատի ուխտավայրին մէջ։
9րդ դարու մէջ ծնած այս երկու սուրբ եղբայրները (Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս) եղած են Սլավ լեզուի յօրինողներն ու Սլավ եկեղեցւոյ աւետարանիչները։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետը զանոնք հռչակած էր, ս. Պենետիկտոսի հետ միասին, որպէս Եւրոպայի համապաշտպան սուրբեր ։








All the contents on this site are copyrighted ©.