2012-05-25 11:47:32

Զուիցերիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցին Կը Պատրաստուի Տօնախմբել Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի Յոբելեանը։


Երեք տարուայ պատրաստութիւնը լաւագոյնս ճանչնալու Վատիկանեան Բ-ժողովի վճիռները։
Գերապայծառ Կաշդեր՝ Պալի թեմի տեղապահը եւ պատասխանատուն պատրաստողական խումբին` հաւատացեալներուն ուղղած հովուական թուղթով կը գրէ. 11 հոկտեմբեր 1962ին Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետը բացումը կատարեց Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովին. 50 տարի ետք կանչուած ենք մօտէն ճանչնալու վատիկանեան ժողովի վճիռները, զանոնք աւելի խորացնելով։ Եպիսկոպոսը կը հրաւիրէ հաւատացեալները դարձեալ կարդալ վճիռները ''ճանչնաք հաւատքը'' վերնագրով իր հովուական թուղթին մէջ։ Այդ հրաւէրը կը համապատասխանէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հռչակած հաւատքի տարւոյն 2012-2013 եւ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի գումարումին Վատիկան` նոր աւետարանութիւն նիւթին մասին, որ սկիզբ պիտի առնէ 11 հոկտեմբերին։
Գերապայծառ կաշդեր կ'առաջարկէ երեք տարուայ պատրաստութիւն.
2012-2013ը նուիրուած է Վատիկանեան տիեզերական ժողովի ծիսական վճիռին խորացումը։
Երկրորդ տարին 2014 ''հաւատքը որ մեզ կը միացնէ'' Եկեղեցւոյ, ս. Գիրքի եւ համամիութեան վճիռին մասին։
Երրորդ տարի 2015 ''հաւատքը որ մեզ յանձնառու կը դարձնէ'' նուիրուած է Եկեղեցի ներկայ աշխարհին մէջ, կրօնական ազատութիւնը ու կրօններու միջեւ կապերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.