2012-05-25 14:04:43

Ատրպէյճանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Ոտնահարումները։ Amnesty international-ի Յայտարարութիւնը ։ Եւրոպական Խորհրդարանը Նոյնպէս Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Մարդկային Իրաւանց Խախտումները։


«Եւրոպայի հեռարձակողներու միութիւնը մեռելային լռութիւն կը պահպանէ այդ ոտնահարումներուն հանդէպ»( ըսած է Amnesty International կազմակերպութեան` Պաքուի մէջ գտնուող ներկայացուցիչ Մարք Թաքեր):

Թաքեր տեղեկացուցած է, որ Երկուշաբթի աւելի քան 200 ցուցարարներ հաւաքուած էին Պաքուի կեդրոնը` պահանջելով վերջ տալ կաշառակերութեան եւ յարգել մարդու իրաւունքները: Ցուցարարներէն ոմանք ծեծի ենթարկուած են, իսկ 38 մարդ ձերբակալուած է: Ցոյցին կազմակերպիչներէն Ապուլֆազ Կուրպանլը, Amnesty International-ին ըսած է, որ ոստիկանական բաժանմունքին մէջ գտնուելու ընթացքին զինք հարուածած են բռունցքներով եւ ոտքերով: Ան տեղեկացուցած է, որ այլ ցուցարարներ նոյնպէս ծեծի ենթարկուած են:
Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը նոյնպէս Սթրազպուրկի մէջ իր լիագումար նիստին ընթացքին բուռն կերպով դատապարտեց Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներու եւ խօսքի ազատութեան կոպիտ խախտումներն ու որոշ մարզերու մէջ արժէքներու ամբողջական պակասը` յստակ կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան, թէ պէտք է անպայման այս հարցերը դիմագրաւէ երբ Պաքու կ՛այցելէ եւ կամ երբ ուժանիւթի հարցերու շուրջ կը բանակցի:
Ազատական խմբակցութեան պատկանող հոլանտացի երեսփոխան Մարիչէ Մխաաքէ Պաքուի մէջ ընթացող Եւրոտեսիլի մրցանքին ակնարկելով յայտնեց, որ «այս պահուս, երբ երգիչները իրենց ձայները կը մարզեն եւ մենք կը խօսինք մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան մասին, Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու բերանը կը փակուի: Միջազգային ընտանիքը չի խաբուիր շռայլութենէ եւ քարոզչութիւնէ, առաւել եւս փայլեցուած յայտարարութիւններէ»: Հոլլանտացի երեսփոխանը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց իրենց պարտաւորութիւնները ստանձնելու:
Նոյն խմբակցութեան պատկանող ֆինլանտացի Միթրօ Ռեփօ նշեց, որ ինչպէ՞ս Ազրպէյճանը կրնայ ոչ մնայուն անդամ դառնալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, երբ ինք իր երկրին մէջ ամէնէն կոպիտ ձեւերով կը կաշկանդէ մարդկային իրաւունքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.