2012-05-25 11:48:39

՜՜Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներու՝՝ Ելոյթները Թիֆլիսի, Րիկայի, Սթոքհոլմի Եւ Կէօթեմպուրկի Մէջ։


«Հայաստանի Փոքրիկ երգիչները» տարբեր երկիրներու մէջ ունեցան համերգներ։ Առաջին համերգը եղաւ Թիֆլիսի Ս.Էջմիածին եւ Ս.Գրիգոր եկեղեցիներուն մէջ, այս առթիւ Փոքրիկ Երգիչները երգեցին, խինդ ու ցնծութիւն պարգեւելով տեղւոյն հայութեան, այցելեցին քաղաքի զանազան վայրերը եւ հայ մեծ աշուղ՝ Սայաթ Նովայի շիրիմին վրայ զետեղեցին ծաղիկներ։ Երեկոյեան առաջին ելոյթը յայտարարուեցաւ Թիֆլիսի նշանաւոր Ռուստաւելու անուան թատրոնին մէջ՝ նուիրուած Հայ-Վրացական դիւանագիտական յարաբերութեանց 20 ամեակին։
ԹիՖլիսեան ելոյթէն ետք, Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչները անցան Րիկա, այնտեղ եւս շրջագայեցան ու Րիկայի մէջ զետեղուած հայկական խաչքարին առջեւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Եղեռնի զոհերուն, իսկ «Ավէ Սօլ» երբեմնի եկեղեցւոյ, բայց այժմեան համերգասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ յաջող ելոյթ մը։ Յայտագիրը կ՝ընդգրկէր Հայկական, Ռուսական, Արեւմտաեւրոպական եւ Լատվիական, ժամանակակից ու դասական յօրինողներու ստեղծագործութիւններ։
Սթօքհոլմի «Թող ապագա Փոքրիկ Երգիչները ելոյթ ունեցան։ Մեծ հիւրընկալութիւն ցուցաբերուեցաւ անոնց «ԱդոլՖ Ֆրեդերիք» դպրոցի անդամներու կողմէ ։ Սթոքհոլմի մէջ գլխաւոր ելոյթը եղաւ «Կոնցերտ Հուսետ» դահլիճի ‎համերգը։ Յիշարժան եւ յոյժ գնահատելի երեւոյթ էր «Eric Ericson»ի անուան համերգասրահին մէջ կայացած նիստը, որտեղ ընդգրկուած էին ամբողջ հրաւիրեալ ազգերու երգչախումբերու ղեկավար մարմինները։ Ժողովի նախագահն էր մեծանուն խմբավար՝ Բո Իոհանսոնը։ Այս առթիւ միջազգային մրցոյթ մը յայտարարուած է «Armenian Little Singers Choir Composition Competition» անուան տակ, որուն մասնակցած են շուրջ երեք տասնեակ կոմպոզիտորներ։ Ժողովի աւարտին ներկաները ունկնդրեցին ժամանակակից Շուէտացի յօրինող՝ Կարէն Րէնքվիստի ստեղծագործութիւնները՝ մանկական երգչախումբի համար։
՜՜Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչները՝՝ յաջողութեամբ ելոյթ ունեցան նաեւ Գէօթենբուրկի «Դոմկիրկա» տաճարին մէջ։ Վերադարձին՝ Վերմանեան այգիին մէջ` փոքրիկ երգիչները բաց երկնքի տակ երգելով, իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին Լատվիայի անկախութեան նուիրուած տօնական հանդիսութեան։
«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ը կը շարունակեն իրենց ազգային եւ համամարդկային գործունէութիւնը։ Յետագայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ «Armenian Little Singers Choir Composition Competition»ը, Փոքրիկ Երգիչները ինչպէս նաեւ պիտի մեկնին ծայրագոյն արեւելք՝ Ճաբոն այնտեղ եւս ելոյթ ունենալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.