Փաստաբանուհի Ֆեթհիյէ Չեթին Կը Փափաքի Որ Թուրք Պետական Անձնաւորութիւններ Գան Հապափ
Գիւղի Աղբիւրին Մօտ` Ներողութիւն Խնդրելու Եւ Առերեսուելու։ (Հաւհավ Գիւղ/Էլազըղ)։
Հրանդ Տինքի հանրածանօթ փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին թրքական ՝՝A haber՝՝ հեռուստաընկերութեան,
եթերով պատմած է իր հայազգի տատիկին գիւղին` Հապափի վերակառուցուած աղբիւրներուն մասին
եւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահինը հրաւիրած է անոնցմէ «մէկ թաս ջուր
խմելու»: Հապափի աղբիւրները հայկական ճարտարապետութեան լաւագոյն նմուշներէն են` բազմակ,
բազմակամար: Սակայն անոնք անմխիթար վիճակի մէջ եղած են եւ Ֆեթհիյէ որոշած է վերանորոգել
զանոնք: «Եթէ Հրանդ Տինքը կենդանի ըլլար, այդ աղբիւրներու վերակառուցման համար շատ
կ'ուրախանար: Այդ նախագիծը զինք շատ յուզած էր: Եթէ Հրանդը ողջ ըլլար, վստահ եմ, որ
գիւղ առաջին մեկնողը ինք կ'ըլլար»( ըսած է Չեթին): Առջի օր Էլազըղ նահանգի Հապափ գիւղին
մէջ աղբիւրներու բացման առիթով տօնակատարութիւն տեղի ունեցած է, որուն Չեթին հրաւիրած
է նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը: «Եթէ նախարարը գոնէ գար եւ մէկ բաժակ ջուր խմէր,
ներողութիւն խնդրած կ'ըլլար մինչեւ հիմա ըսածներուն եւ ըրածներուն համար»,( ըսած է Ֆեթհիյէ
Չեթին): Լրագրողին այն հարցումին, թէ եթէ Օկիւն Սամասթ(Հրանդը սպաննողը) փափաքի այդ
աղբիւրէն ջուր խմել, ի՞նչպէս կ'արձագանգէ, Ֆեթհիյէ Չեթին պատասխանած է.«Բոլորը, իւրաքանչիւր
ոք պէտք է խմէ այդ աղբիւրներու ջուրէն: Այդ ժամանակ վստահ եմ, որ բոլորիս վէրքերը կը
լաւանան: Մահացածներուն հոգիներուն համար մէկ թաս ջուր խմել ցանկացող ամէն անձ կրնայ
գալ այնտեղ»: Չեթին ըսած է, թէ կը փափաքէր, որ պետական ծառայողներն ալ գային աղբիւրին
մօտ` առերեսուելու. «Երանի գան եւ ըսեն, որ իրենք Տինքը պաշտպանել չեն կրցած, իրենց պարտականութիւնները
չեն կատարած եւ ներողութիւն խնդրեն: Երանի գան…»: Անդրադառնալով աղբիւրներու վերակառուցման
աշխատանքներուն, Չեթին նշած է, որ այդ ամբողջ գործընթացքին իրենց վրայ ճնշումներ եղած
են: Յիշենք Փաստաբանուհի Չեթինի Մեծմայրիկը Տիկին Հերանուշ Կատարեան մինչեւ 9 տարեկանը
ապրած է Էլազըղի Հապափ Գիւղը,հայերէն ՀԱՒՀԱՎ Գիւղը։