2012-05-24 13:45:26

Կիւրեղ Եւ Մեթոտիոս Սուրբերը Առաքեալներ Սլավ Ազգի։


Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս ս. եղբայրները, ծնած են 9-րդ դարու սկիզբը։
Կիւրեղ Ս. Գրիգոր Նազիանցիէն սորվեցաւ լեզուին արժէքը՝ Աստուածային Յայտնութեան փոխանցումին համար։ Հետեւելով Ս. Գրիգորին, ան Աստուծմէ խնդրեց շնորհքը՝ սորվելու Սլավ լեզուն։ Երկու սուրբ եղբայրները նախ սլավ գիրերը յօրինեցին եւ ապա ծէսը սլավ լեզուով գրեցին, ինչպէս նաեւ նուիրուեցան ուրիշ աստուածաբանական շատ մը գիրքերու թարգմանութեան։ Այսպէս ի յայտ եկաւ կիւրեղեան լեզուն։ Ասիկա եղաւ վճռական դէպք մը սլավ մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան ծաւալումին։ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եղբայրները այն համոզումը ունէին թէ կարելի չէ ազգի մը համար ճանչնալ Յայտնութիւնը եթէ ոչ սեփական լեզուով։ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս կը ներկայացնեն դասական օրինակը մշակոյթի պատշաճացումին։ Ամէն ազգ իր լեզուով պէտք է ներմուծէ յայտնուած պատգամը եւ անով յայտնէ փրկարար ճշմարտութիւնը։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը երկու սուրբ եղբայրները` Կիւրեղ եւ Մեթոտիոսը հռչակեց Եւրոպայի համապաշտպան սուրբեր ս. Պենետիկտոսի հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.