2012-05-24 13:44:59

«Երուսաղէմը Միացեալ Քաղաք Պիտի Մնայ, Եւ Զայն Մասնատելը Կրնայ Կրօնական Պատերազմի Առաջնորդել» Կ՛ըսէ Նեթանիահու :


Ըստ Գերմանական լրատու գործակալութեան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնած է, թէ «Երուսաղէմը Միացեալ Քաղաք պիտի մնայ»` զգուշացնելով, որ «Երուսաղէմի մասնատումը կրնայ կրօնական պատերազմի առաջնորդել»:
Նեթանիահու Երուսաղէմի երկու հատուածներու միաւորման եւ Իսրայէլի կցման տարեդարձին առիթով ըսած է, որ «պատմութիւնը մեզի սորվեցուց, որ միայն իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ կրօններուն միջեւ խաղաղութիւնը եւ հանդարտութիւնը կը պահուի»:
«Մասնատուած քաղաքը Միաւորուեցաւ եւ այդպէս ալ պիտի մնայ»ըսած է Նեթանիահու:








All the contents on this site are copyrighted ©.